Ղարաբաղ Այցելեց Հայաստանի Նախագահի Գլխաւոր Ռազմական Տեսուչը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցեցաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան, մասնաւորաբար` պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան եւ մարտական պատրաստուածութեան վերաբերեալ հարցեր:
Շաբաթասկիզբին Ղարաբաղ այցելած էր նաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
CATEGORIES Հայկական

