Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԼՖԱ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան «Օրասքոմ» տնօրէնութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Աքքարի մէջ անցեալ շաբաթ օր ընդհատուած են «Ալֆա» բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան կապերը: Աղբիւրը հաստատեց, որ նշեալ «գիծ»-ը բնականոն կերպով կը գործէր շաբաթավերջին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի գրասենեակը յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերը Ատհայի տօնին առաջին օրն է:
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 18-էն ի վեր առեւանգուած բանակային Շհատէ Ֆլիթիի հարազատներն ու բարեկամները երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Արսալ գիւղաքաղաքի քաղաքապետարանին առջեւ` պահանջելով իրենց զաւկին ազատ արձակումը:
ԱՌԵՒԱՆԳԵԱԼ Ուիսամ Խաթիպի հարազատներն ու բարեկամները, ինչպէս նաեւ Դեղագործներու սենտիքայի անդամներ շաբաթ առաւօտեան ժամը 10:00-ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին «Ուիսամ» դեղարանին առջեւ` պահանջելով Ուիսամ Խաթիպի շուտափոյթ ազատ արձակումը:

