Շալքէի Միջնապահ Ֆարֆան Շաբաթներով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Շալքէի միջնապահ Ճեֆըրսըն Ֆարֆան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շաբաթներով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:

Փերուի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Ֆարֆան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթ` Պալի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին:

Այսպիսով, Ֆարֆան կը միանայ վիրաւորներ Քլաաս-Եան Հունթելաարի եւ Քիրիաքոս Փափատոփուլոսի:

Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն Շալքէ ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )