50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1963)

Տոմսեր

Բոլո՜ր Հարցերը Լուծուած Են Այնտեղ

(«Ուտելիք Չունինք, Աղաւնի՞ Պիտի Կերակրենք»)

Օր նոր` հարց նոր:

Նիւ Եորքի մէջ շուտով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի օրակարգին մաս պիտի կազմէ… աղաւնիի կամ աղաւնիներու խնդիր մը:

Հարցը կը վերաբերի Նիւ Եորքի բնակիչ հինգ միլիոն աղաւնիներու, որոնք… վտանգաւոր կը նկատուին այդ մեծ ոստանի մարդկային բնակչութեան համար:

Աղաւնագէտ մը` տոքթ. Լինտեման կը հաստատէ, թէ աղաւնիներու պատճառած վարակիչ հիւանդութեանց պատճառով, երկու աղաւնասէրներ մեռած են վերջերս Նիւ Եորքի մէջ, ու կը շարունակէ.

– «Այս համակրելի թռչուններուն` աղաւնիներու բազմացումը, մարդկային հոգեբանութեան մէկ արտայայտութիւնը կը ներկայացնէ: Ատիկա մարդոց տկարութիւնն է համակրելի արտաքինին հանդէպ:

Արդարեւ, աղաւնին չունի ո՛չ ճնճղուկին արթնութիւնը, ո՛չ ալ ցախսարիկին կամ ագռաւին ճարպիկութիւնը:

Պաշտօնական վիճակագրութեամբ հաստատուած է, թէ աղաւնիի մը առջեւ նետուած չորս պիստակէն երկուքը կը յափշտակէ… ճնճղուկը, մէկը` ագռաւը: Եւ խե՜ղճ աղաւնին հազիւ կրնայ ուտել մնացեալը. այն ալ եթէ վերջին պահուն մշտարթուն սկիւռ մը չխլէ՜ բերնէն:

Աղաւնին ծոյլ է, դանդաղաշարժ: Առտուն ուշ կու գայ «գործ»-ի, այսինքն` հանրային պարտէզ, ուր արդէն ժամանակէն առաջ հաւաքուած կ՛ըլլան եւ սեղաններու ու նստարաններու շուրջ բոլորուած` ճնճղուկներ, կաչաղակներ, ագռաւներ, որոնք կը վայելեն զոհաբերող հասարակութեան առատօրէն նուիրած համեղ ուտելիքները:

– «Աղաւնիները այլեւս ո՛չ թէ խաղաղութեան խորհրդանիշ են, այլ հիւանդութեան… սերմնացան», կ՛եզրակացնէ աղաւնագէտ տոքթորը եւ կ՛առաջարկէ ոչնչացնել այդ թռչունները:

ՄԱԿ-ի խորհրդային ներկայացուցիչներէն մէկը այս առթիւ յայտարարած է.

– Մեր մօտ աղաւնիի հարցը ինքնաբերաբար լուծուած է: Մե՛նք ուտելիք չունինք` աղաւնի՞ պիտի կերակրենք…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Հայաստան

Տօնահանդէս Նուիրուած Սայաթ Նովայի
Ծննդեան 250-ամեակին

Սեպտեմբեր 20-ին 30,000 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուած են մեծ աշուղին ծննդեան 250-ամեակին նուիրուած տօնահանդէսին, որ տեղի ունեցած է Երեւանի մարզադաշտին մէջ:

«Երեկոյեան ժամը 7:30 է: Մեծ լուսարձակները, գունաւոր լուսատուները մարզադաշտը կ՛ողողեն լոյսերով: Կը լսուի դերասանուհի Թ. Դեմուրեանին ձայնը, որ կը կարդայ Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնը.

Քանի տարի մեճլիսներում
—————————-տաղ ես ասել
————Սայաթ Նովա,
Քանի տարի դու սրտերի
—————————-հետ ես խօսել,
————Սայաթ Նովա,
Կարօտ բլբուլ, ամէն
————————գարուն եկել ես դու,
————-Վարդերի հետ,
Ու սիրելով, ու սիրուելով
———————————մեզ ես հասել.
————Սայաթ Նովա:

Քանի մը դերասաններ կը ներկայացնեն մեծ բանաստեղծ-աշուղին կեանքը, անոր գործերուն գեղարուեստական արժէքը, որմէ ետք մարզադաշտին խաղադաշտը «կը վերածուի» 18-րդ դարու Թիֆլիսի շուկայի: Խանութներ, գինետուներ, թէյարաններ, չթի, պտուղի, կանաչեղէնի խանութներ, զանազան արհեստանոցներ: Եւ հին տարազներով այլազգի մարդիկ կը լեցուին շուկան: Տեղ մը կիները եկեղեցիին մօտ ծունկի եկած կ՛աղօթեն, անդին` աւանդական զուռնայի հնչիւններուն տակ, պրկուած պարանի մը վրայ կը քալէ լարախաղացը: Շուկայի մէկ մասին մէջ սայլերով ձմերուկ բերած են եւ կը գովեն իրենց ապրանքը, ուրիշներ էշերու վրայ նստած` իրենց մածունին գովքը կ՛ընեն, անհոգ մարդիկ կառքերու վրայ նստած` քէֆ կ՛ընեն, մէկը նարտի կը խաղայ, միւսը նարկիլէ կը ծխէ:

«Հին Թիֆլիսի շուկան եռուզեռի մէջ է: Եւ ահա հեռուէն կը լսուի ուղտերու կարաւանին ձայնը: Միալար կը հնչեն զանգակները: Կը մտնէ հեռու երկիրէն եկած օտար երգիչ մը: Շուկայապետը կը յայտարարէ ամբոխին, որ օտար երկրէ եկած երգիչը կ՛ուզէ տեսնել եւ մրցիլ մեծ աշուղ Սայաթի հետ: Լուրը կը խանդավառէ բոլորը»:

Մրցորդ երկու աշուղները կ՛երգեն: Սայաթ Նովա, անշուշտ, կը շահի եւ ժողովուրդը կը ծափահարէ խելայեղ:

Իրարու ետեւէ շուկայ կու գան զանազան աշուղներ, ժողովրդական նուագարաններէ կազմուած նուագախումբ մը: Բոլորն ալ տպաւորիչ շունչով կը հնչեցնեն Սայաթ Նովայի ծանօթ երգերուն մեղեդիները` «Քանի վուր ջան իմ», «Դուն էն գլխէն իմաստուն իս» եւ այլն:

Աշուղին երգերուն զմայլանքին տակ, պատշգամ կ՛ելլէ Բ. թագաւորին աղջիկը` Աննան ու կը սկսի սիրերգներու զուգերգները:

Պատկերը քիչ ետք կը փոխուի: Շուկային մէջ կը յայտնուին արքայական մունետիկները, որոնք կը յայտնեն թագաւորին փափաքը` Սայաթ Նովա ներկայանայ պալատ: «Բայց Սայաթը երկար չմնաց պալատին մէջ: Առանց ժողովուրդին` չէր կրնար ապրիլ»:

Վերջացած է յայտագիրին առաջին մասը:

Կարճ դադարէ մը ետք բեմ կը բարձրանան հայ եւ օտար ծանօթ երգիչներ, երգչուհիներ, ոմանք կ՛երգեն Սայաթ Նովայի երգերը, ուրիշներ` «Մոսկուայի կրակները» երգը եւ այլն:

Տօնահանդէսը, անփոփոխ յայտագրով, կրկնուած է սեպտեմբեր 21-ին եւ 22-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES