Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական Երկխօսութեան

3-7 հոկտեմբեր 2013-ին Լոնտոնի մէջ գումարուեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Անկլիգան եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Շահէ վրդ. Անանեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ժողովին ատենապետեցին Նարեկ սրբազանը եւ Ճեֆրի Ռաուլ եպիսկոպոսը:

Ժողովականներ քննարկեցին Ս. Հոգիի բխման վարդապետութիւնը եւ 2002-ին ստորագրուած քրիստոսաբանական համաձայնագիրը:

Շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, ժողովականներ այցելեցին Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, ուր երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին աղօթեցին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար եւ համայնքի հաւատացեալներուն հետ ընթրեցին:

Կիրակի, 6 հոկտեմբերին, ժողովականներ ներկայ գտնուեցան Անկլիգան Սուրբ պատարագին, ապա ճաշի հիւրը եղան Քենթըրպըրիի նորընտիր արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուելպիին:

Յանձնախումբի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 13-17 հոկտեմբեր 2014-ին, Գահիրէի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )