Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Ռուսիա Կարելին Կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան Եւ Մոլտաւիոյ Միջեւ Համաձայնագիրի Ստորագրումը Թոյլ Չտալու Համար
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է կարելին ընելու` Մոլտաւիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համաձայնագիրի ստորագրումը թոյլ չտալու համար:
Ըստ օրաթերթին, Մոլտաւիոյ Հանրապետութիւնը, որ յայտնի էր իբրեւ «մարդկային գործարաններու եւ մարդոց առուծախի շուկայ», վերջին տարիներուն մեծ յառաջընթաց արձանագրած է: Այժմ Մոլտաւիոյ մէջ կը գերիշխեն ազատական ժողովրդավարութիւնն ու աճող տնտեսութիւնը, ինչ որ դէպի Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ստորագրում կ՛առաջնորդէ:
«Կարելի է կարծել, որ Ռուսիան կրնայ ուրախանալ իր դրացիի սնանկութեան կարգավիճակէն դուրս գալով: Սակայն Վլատիմիր Փութին կատղած է եւ կարելին կ՛ընէ, որպէսզի խանգարէ Եւրոպական Միութեան ու Մոլտաւիոյ միջեւ համաձայնագիրը», կը նշուի անդրադարձին մէջ:
Ռուսիա արգիլած է մոլտաւական գինիի ներածումը, կը սպառնայ դադրեցնել կազի մատակարարումը, մոլտաւացի ապօրինի աշխատողները ձերբակալուած եւ արտաքսուած են:
Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ Վրաստանը, Հայաստանը եւ Ուքրանիան նոյնպէս «կը տառապին Փութինի ծաղր ու ծանակէն»:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ նպատակը այդ երկիրներուն Եւրոպական Միութիւն մուտքը կանխարգիլելն է, որպէսզի անոնք ընդգրկուին Եւրոպական Միութեան կարողական մրցակից Մաքսային միութեան մէջ: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, ատիկա Փութինին պիտի օգնէ «Խորհրդային Միութեան նման բան մը վերստեղծելու»:

