Միքաթի Նախագահեց Ռումիէի Բանտին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Ռումիէի բանտին յատուկ նախարարական յանձնախումբին նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին:

Նիստէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ յստակ է, թէ Ռումիէի բանտին վերանորոգութեան յատկացուած գումարները իրենց նպատակին չեն ծառայած, այլ արձանագրուած են մսխումներ:

Մուքպել հաստատեց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբերի առաւօտեան, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարուի այլ նիստ մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուին, ընդհանուր դատախազը եւ այլ պատասխանատուներ, որոնք պիտի որոշեն, թէ ովքե՛ր պէտք է պատասխանատուութեան կանչել: Մուքպել ըսաւ, որ այդ հանդիպումին ընթացքին արձանագրուած խորհրդակցութիւններուն հիման վրայ պիտի որդեգրուին համապատասխան քայլեր, որոնք պէտք է աւարտին 15 օրուան ընթացքին:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց իր Նիւ Եորք տուած այցելութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհասը, որ անոր յանձնեց տնտեսութեան նախարարութեան նուաճումներուն մասին հրատարակուած գիրք մը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը իր ծրագիրներուն գործադրութիւնը ամբողջացնէ, որպէսզի հետագային կարելի ըլլայ աշխատանքը շարունակել:

Միքաթի ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած խնդիրներ:

Նշենք, որ Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի ըլլան 15 եւ 16 հոկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES