Ժընեւի Մէջ. Պըրրի – Աբրահամեան Հանդիպում

Ժընեւի մէջ խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 129-րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքներուն մասնակցելու կողքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շարունակեց տարբեր երկիրներու խորհրդարանի նախագահներուն եւ պատուիրակութիւններուն հետ իր հանդիպումները:

Հանդիպումներու այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Աբրահամեան դրուատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ Հայաստան յանձնառու է Լիբանանի եւ շրջանի ապահովական կայունութեան:

Իր կարգին Պըրրի նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը ո՛չ միայն սահմանակից երկիրներուն, այլեւ` ամբողջ շրջանին վրայ իր հետեւանքները եւ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

Պըրրի վերահաստատեց, որ կարելի պիտի չըլլայ Սուրիոյ տագնապին լուծումը գտնել առանց Ժընեւի խորհրդաժողովին:

Պըրրի հաստատեց, որ հակառակ տարաձայնութիւններուն, Լիբանանի իրավիճակը լաւ է: «Բոլոր մակարդակներու վրայ կայ լիբանանեան որոշում մը, որ կ՛արգիլէ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը` հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական սուր երկփեղկումին», ըսաւ ան:

Հանդիպումին աւարտին Յ. Աբրահամեան Պըրրիի յանձնեց Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Ուահետ Ռատիի հետ: Քննարկուեցան արաբական եւ միջազգային զարգացումները, յատկապէս կեդրոնանալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ սահմանակից երկիրներուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, Ժընեւի խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը եւ արիւնահեղութեան ու քանդումին կասեցումը:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Անտորս Ճոնսընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիոյ տագնապը եւ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան հոսքը, որուն իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած են մէկուկէս միլիոն սուրիացիներ, որոնց մէջ կան շուրջ 70 հազար պաղեստինցիներ:

Այդ առումով, Պըրրի Ճոնսընի յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )