Պօղոսեան Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Սոշոյի Մարզիչ
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ ծագումով հայ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ Ալէն Պօղոսեան շատ հաւանաբար նշանակուի Սոշոյի ֆութպոլի խումբին մարզիչ:
Իր լուրը քաղելով Tuttomercatoweb.com կայքէջէն, հայկական աղբիւրը կը շարունակէ ըսելով, որ ֆրանսահայ Պօղոսեան եթէ նշանակուի մարզիչ, պիտի ստանձնէ Էրիք Քելի պաշտօնը, զոր լքեց ան` Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը անյաջող սկսելուն համար:
Նշենք, որ Սոշոյի մարզիչի պարտականութիւնները այժմ կը կատարէ Սենեկալի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ Օմար Թաֆ:
CATEGORIES Մարզական

