Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին, ձեր զգացողութեան, հարց մը իրագործելու ձեր որոշումին: Ուրիշներ չեն գիտեր, թէ դուք ի՛նչ կ՛ուզէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրախ տարեդարձի մը առիթով կը մտածէք նուէր մը ընծայել բարեկամի մը կամ հարազատի մը: Կարեւորը ձեր ազնիւ զգացումն է եւ ոչ` նուէրին արժէքը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկմտութիւն մը ունիք` ձեր որոշումը կատարելու: Կարեւորութիւն տուէք հարցին բարոյական արժէքին եւ` ոչ գոյանալիք գումարին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան, երբ եղանակի փոփոխութիւնը իր ներկայութիւնը կը պարտադրէ: Հեռու կեցէք ապականած օդով վայրերէ: Արթուն եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ստեղծագործական նորութիւն մը իրագործելու հետամուտ էք: Առանց կասկածելու ձեր կարողականութեան` անցէք գործի, կը յաջողիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործ պիտի ունենաք «անուշ լեզուով» անձի մը հետ: Պիտի զգաք անոր կեղծ մօտեցումը, բայց մնացէք անտարբեր, գիտակից` ձեր տալիք պատասխանին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք շնորհներ, կրնաք զանոնք արժեւորել եւ ծաղկեցնել կեդրոնացած տրամադրութեամբ, առանց այդ մասին արտայայտուելու` նախքան իրագործում:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, հետեւեցէք ձեր զաւակներուն կարիքներուն: Եթէ ամուրի էք եւ ժամադրութիւն ունիք, յարգեցէք: Օրը ունի բախտաբեր բնոյթ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական հարց մը կը մտահոգէ ձեզ, որովհետեւ ունիք մուրհակներ, որոնց վճարումը պէտք չէ յետաձգուի: Պարտաճանաչ եղէք, որպէսզի յարգուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր որոշումը չկարենաք ճիշդ ժամանակին կատարել, դիմեցէք փորձառու անձի մը, որպէսզի կարենաք նոր կարգադրութեամբ կատարել տուեալ որոշումը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լուրեր պիտի ստանաք արտասահմանի ձեր բարեկամներէն, որոնցմէ տեղեկութիւն չունէիք երկար ատենէ ի վեր: Պիտի ուրախանաք: Պատասխանեցէք անոնց` ձեր կարգին փոխանցելով ձեր լուրերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երազային տրամադրութիւնը յոյսեր կը ներշնչէ, բայց այսօր ձեր ոտքերը ամուր դրէք գետին, գործնական աշխատանքներ կատարելու: Կեդրոնացէք ձեր գործերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )