Բրիտանիոյ` Իրաք Ներխուժման Մասին Փաստաթուղթերը Պիտի Հրապարակուին 2014-ին
«Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ մէջ դադրեցուցած են երկրի նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի գործողութիւններու հետաքննութիւնը: Պլեր 10 տարի առաջ կողմ էր Իրաք ներխուժման` Սատամ Հիւսէյնի վարչակարգը տապալելու համար:
Այս հետազօտութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին միայն 2014-ին: Նախկին դիւանագէտ Ճոն Չիլքոթի հետազօտութիւնը նպատակ ունի օգնել բրիտանական կառավարութեան` Իրաքի ներխուժման նման իրավիճակներու ճշդման:
Սակայն հետազօտական խումբը եւ կառավարութիւնը տակաւին չեն կրնար համաձայնութիւն գոյացնել այն մասին, թէ պատրաստուած զեկուցման ո՛ր հատուածը ենթակայ է հրապարակման:
Նախապէս «Տը Ինտիփենտընթ» կը գրէր, թէ հետազօտութիւնները այլ լուսարձակէ ցոյց պիտի տան նախկին հաշուետուութիւնները:
CATEGORIES Միջազգային