ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ 400 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Կրեթթա Թասլաքեան (աջին) եւ Վահէ Աբրահամեան

«Ինթըր Լեպանոն» ակումբին մաս կազմող Կրեթթա Թասլաքեան 400 մեթր վազքի մրցումներուն լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վազքի մրցումներուն արձանագրեց 53″ 99 արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը եւս կը պատկանի Թասլաքեանին. անիկա հաստատուած է նախորդ տարի, երբ ան արձանագրեց 55″ 39 արդիւնք մը:

Նշենք, որ Թասլաքեան այժմ իր փորձերը կը կատարէ մարզիչ Վահէ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ` պատրաստուելու համար յառաջիկայ ամիս Ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES