ԱՍՈՐԻ ՄԸ` ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ

Ասորի երեսփոխանը

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ազգութեամբ ասորի մը ընտրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:

Ըստ օրաթերթին, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան զօրակցութիւնը վայելող երեսփոխանական թեկնածու Էրոլ Տորան Մարտինի ընտրատեղամասին մէջ յաղթանակ արձանագրած է:

Նշենք, որ 12 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը հրաժարած էին հայ թեկնածուներ առաջադրելէ: Սակայն նախքան ցուցակներու հրապարակումը, լուրջ քննարկում ծաւալած էր հայ թեկնածուները ընտրութիւններուն մասնակից դարձնելու առնչութեամբ: Թրքական կուսակցութիւնները միասնաբար հրաժարեցան երեսփոխանութեան հայ թեկնածուներ առաջադրելէ:

Share this Article
CATEGORIES