«Կոկիկեան» Համալսարանական Հիմնադրամի Աշակերտները Յայտարարեցին Սկիզբը «Պատրաստուէ՛, Կազմակերպուէ՛, Վերամշակէ՛» Ծրագիրին
«Կոկիկեան» համալսարանական կրթական հիմնադրամի աշակերտները` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կենսոլորտի նախարարութեան հետ գործակցաբար, շաբաթ, 12 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-1:00 Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ յայտարարեցին սկիզբը անգործածելի նկատուող իրերը կրկին մշակելու եւ գործածելի դարձնելու իրենց ծրագիրին, որուն փորձառական հանգրուանը պիտի կատարուի Պուրճ Համուտի մէջ: «Պատրաստուէ՛, կազմակերպուէ՛, վերամշակէ՛» խորագիրը կրող ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի, որուն ընթացքին պիտի վերամշակուին թուղթը, կերպընկալն ու ալիւմինիոմը: Աշխատանքին պիտի մասնակցին Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 8 դպրոցներ, դրամատուներ եւ առեւտրական կեդրոններ: Ոչ կառավարական հիմնական գործակից կազմակերպութիւններն են «Արքանսիել»-ը, «ԹԵՐ Լիպան»-ը, ԼՕԽ¬ը, «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութիւնն ու «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը:
Պաշտօնական բաժինի բացումը կատարուեցաւ Հայ կաթողիկէ միութեան շեփորախումբին կողմէ հնչած լիբանանեան քայլերգով:
Հիմնադրամի աշակերտութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Մելքոն Էլէյճեան, որ դիտել տուաւ, որ վերամշակման այս ծրագիրը կենսոլորտէն անդին երթալով կը հասնի մարդոց, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել մաքուր կենսոլորտ եւ քաղաքակիրթ ընկերութիւն: Ան ըսաւ, թէ ամբողջ տարուան մը ծրագրաւորման աշխատանքէ ետք արդէն իսկ կը յայտարարեն ծրագիրին սկիզբը:
Ապա խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնադրամի փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայեք, որ յայտնեց, թէ մարզումներու եւ միացեալ աշխատանքի արդիւնք է այս ծրագիրը, որ կը միտի օգտակար դառնալ երկրին եւ ժողովուրդին: Ան նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնենք, թէ տեղացի (Պուրճ Համուտի) բնակիչները, շրջանի պատասխանատուները, ընկերութիւնները, դպրոցներն ու ոչ կառավարական տեղական կազմակերպութիւնները կը գործակցին` անգործածելի իրերու վերամշակման փորձառական ծրագիրով մը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն, որոնք իրենց հետ մեծապէս գործակցած ու աշխատանքին ընթացքը հեզասահ եւ արդիւնաւէտ դարձուցած են: Ս. Հայեք հաստատեց, որ «Պատրաստուէ՛, կազմակերպուէ՛, վերամշակէ՛» ծրագիրին հիմնական թիրախն է մաքուր ու կանաչ միջավայր մը ստեղծել:
Կենսոլորտային «Արքանսիել» կազմակերպութեան կողմէ խօսք առաւ Քրիստ Տէր Սարգիսեան. ան դիտել տուաւ, որ իրենք տարբեր ծրագիրներու մաս կազմելով եւ տարբեր կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով ամսական դրութեամբ շուրջ 30 ծրագիր իրականութիւն կը դարձնեն` միշտ նկատի ունենալով նաեւ բարեսիրական ծրագիրներն ու նպատակները: Տէր Սարգիսեան անդրադարձաւ ընկերութիւնը զարգացնելու կարեւորութեան` դիտել տալով, որ իրենք իրենց փորձառութենէն մեկնած պիտի գործակցին «Պատրաստուէ՛, կազմակերպուէ՛, վերամշակէ՛» ծրագիրին յաջողութեան եւ արդիւնաւէտութեան համար:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խօսքը փոխանցեց Ճորճ Գրիգորեան. ան հաստատեց, որ իրենք կը հաւատան գործին եւ ոչ թէ խօսքին` դիտել տալով, թէ ասոր լաւագոյն ապացոյցն է այն իրողութիւնը, որ երիտասարդութեան կամ քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ ներկայացուած ոչ մէկ ծրագիր կամ գաղափար կը մերժեն: «Պատրաստուէ՛, կազմակերպուէ՛, վերամշակէ՛» ծրագիրին վրայ դնելով շեշտը` Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ ատիկա անմիջական ու էական անհրաժեշտութիւն մըն է, մանաւանդ որ կենսոլորտի հարցերուն հետեւանքները կրողը կ՛ըլլայ քաղաքացին: Անոր համաձայն, «Պատրաստուէ՛, կազմակերպուէ՛, վերամշակէ՛» ծրագիրին յաջողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ փաստել, որ Լիբանանի մէջ աղբերէն ձերբազատելու միջոցը հրկիզումը չէ անպայման, այլ կարելի է նուազ ծախսով եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով աղբը գործածելի դարձնել: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Պետական եւ բնապահպանման ոլորտի գործիչներուդ ներկայութենէն կ՛ուզենք օգտուիլ` ձեր ուշադրութեան յանձնելու մէկ այլ կենսոլորտային վտանգ մը, որ կը սպառնայ մեր շրջանին:
«Արդարեւ, ապականած ջուրի զտման կայան անուան տակ առաջադրուած է ծրագիր մը, որ իրականութեան մէջ զտման կայան չէ, այլ` պարզապէս այդ ջուրը հաւաքելու վայր:
«Այս ծրագիրին հետեւանքները պիտի կրեն եւ անկէ պիտի տառապին առաջին հերթին Պուրճ Համուտը, բայց նաեւ` Լեռնալիբանանի ծովեզերեայ շրջաններն ու Պէյրութը:
«Կը մաղթենք, որ ձեր գործակցութիւնը կ՛ունենանք նաեւ ա՛յս կենսոլորտային վտանգաւոր հարցը լուծելու համար»:
Հանդիսաւոր բաժինի աւարտին խօսք առաւ «Կոկիկեան»-ի հիմնադիր ու նախագահ Միշել Կոկիկեան, որ ողջունեց ծրագիրը` նշելով, թէ այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ կանաչութիւնը տարածել, աւելի առողջ միջավայր ստեղծել: Անդրադառնալով ընդհանրապէս հիմնադրամի գործունէութեան` ան հաստատեց, որ իրենց հիմնական թիրախն է ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններ ունեցողներուն կողքին կանգնիլ, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանեան ընկերութեան մէջ գործօն եւ օգտաշատ մարդուժի վերածուիլ, նաեւ օգտակար ըլլալ լիբանանահայութեան: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պէտք է ազդու եւ զօրաւոր կերպով ներկայացուած ըլլայ լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ: Մ. Կոկիկեան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ ներկայիս իրենք ունին 19 աշակերտներ, որոնցմէ երկուքը` Լիւսի Սաղրեան ու Ճենիֆըր Ապեթեան, արդէն իսկ աւարտած են իրենց ուսումը եւ կը ծառայեն լիբանանեան ու լիբանանահայ ընկերութեան:
Ապա ներկաները այցելեցին այս առիթով տարբեր համալսարաններու` «Էլ. Էյ. Եու.», Հայկազեան, «Էն. Տի. Եու.», «Եու. Էս. Ճի». եւ ոչ կառավարական «Արքանսիել» եւ «ԹԵՐ Լիպան» կազմակերպութիւններուն կողմէ տեղադրուած տաղաւարները, որոնց մէջ անգործածելի իրերու վերամշակման եւ վերաօգտագործման մասին գաղափարներ ներկայացուած էին: Հետաքրքրական էր անհատական նախաձեռնութիւն եղող «Տը վինթէյճ շափ»-ի ցուցադրած վերամշակուած եւ վերաօգտագործուած իրերու համադրումը, որովհետեւ կարելի եղած էր գեղեցիկ եւ ուրոյն արուեստի ճամբով նոր ու օգտագործելի իրեր պատրաստել: «Տը վինթէյճ շափ»-ի արուեստի այս ցուցահանդէսը կը կրէր «Պատերազմէն խաղաղութիւն» խորագիրը:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան Վարանդա Եագուպեան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեանի վարժարանի «Սիփան» եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբերը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը եւ երիտասարդ արուեստագէտ Սերուժ Պաղտասարեան: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին կախարդական խաղերն ու այլ զուարճալի խաղերը, որոնց մասնակցեցան նաեւ մանուկները:







