«Սարդարապատէն Արարատ» Խորագիրին Ներքեւ`. «Պուրճ Համուտի Փառատօն-2013»-ը Լաւապէս Դրսեւորեց Սփիւռքի Սիրտին Հայեցի Դիմագիծը

«Սարդարապատէն… Արարատ»: Այս էր թեման «Պուրճ Համուտի փառատօն-2013»-ին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին մօտ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան:

Պուրճ Համուտը ողողուած էր տարբեր շրջաններէ հայորդիներով, որոնք եկած էին վայելելու փառատօնի գեղեցիկ մթնոլորտը:

Երրորդ տարին ըլլալով այս փառատօնը կը կազմակերպուի` Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծը վերահաստատելու եւ հայութիւնը համախմբելու համար սփիւռքի սիրտը նկատուող շրջանին մէջ:

Իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծող այս փառատօնը դարձաւ ձեւով մը աւանդութիւն, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին մօտ խանդավառութիւն ստեղծող եւ լիբանանահայութիւնը իր արմատներուն վերադարձնող համեստ նախաձեռնութիւն մը: Արդարեւ, գեղարուեստական ճոխ մթնոլորտին կողքին ներկաները առիթը ունեցան համտեսելու հայրենակցական միութիւններու պատրաստած համեղ ուտելիքները, հայկական աւանդական ճաշերը, որոնց անուշ բուրմունքը լեցուցած էր Պուրճ Համուտի փողոցները:

«Պուրճ Համուտի փառատօն-2013»-ը սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն, հայրենակցական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները կէսօրէ առաջ սկսան արդէն տեղադրելու իրենց կրպակները եւ արտադրութիւնները: Այս փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Մարաշի, Ուրֆայի, Սասնոյ, Խարբերդի, Ատանայի, Պերեճիկի, Կեսարիոյ եւ Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնները, Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը, «Արցախ ֆոնտ»-ը, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ազգային արհեստներ եւ արուեստներ, ԱՖՀԻԼ եւ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնը, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, Ջաւախք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը եւ Համազգայինի գրախանութը:

Իւրաքանչիւրը ունէր իր յատուկ կրպակը, ուր տեղադրուած էին հայկական արտադրութիւններ եւ աւանդական ճաշեր թէ՛ ցուցադրելու եւ թէ՛ վաճառելու համար:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը իր պաշտօնական վերամուտի ընթացքին նկատի ունենալով, որ փառատօնին թեման այս տարի «Սարդարապատէն Արարատ» էր, մասնաճիւղի սկաուտները իրենց դրօշակին ցողին վրայ Սարդարապատի յուշակոթողը շինած էին:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Ուրախ տարեդարձ» խումբը մանուկներու յատուկ յայտագիրով հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց եւ նուէրներ ու փուչիկներ բաժնեց երեխաներուն, իսկ «Վանայ ձայն»-ը ունեցաւ ուղղակի սփռումով հարցազրոյցներ` փառատօնին մասնակից միութիւններու հետ:

Մարիա Էսմերեան

Փառատօնի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին: Այս առիթով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարիա Էսմերեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը լեցուն է ճակատագրական եւ ամոռանալի թուականներով, որոնք գծեցին հայութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան, իսկ հայու պայքարելու ոգին բացայայտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն 3 տարի ետք, երբ Սարդարապատի զանգերը ղօղանջեցին եւ հայութիւնը պատմական յաղթանակով իրականացուց ամբողջական Հայաստանի գլխաւոր օղակներէն մէկը:

Խօսելով Պուրճ Համուտի մասին` Էսմերեան յայտնեց, որ «Պուրճ Համուտի մէջ մենք պայքարեցանք եւ տակաւին կը պայքարինք, անցեալին ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղեցինք, իսկ ներկայիս հայապահպանման աշխատանքին մէջ միասնաբար պիտի քալենք եւ պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները: Դէմ պիտի կանգնինք բոլոր անոնց, որոնք կը խանգարեն դէպի Արարատ մեր երթը, պիտի քալենք ամուր եւ հաստատ քայլերով»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Արմէն Ապտալեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Պուրճ Համուտը 80 տարեկան է, եւ 80 տարուան իրագործում եւ բարգաւաճում կը պարտինք մեր նախնիներուն եւ այդ արժէքի պահպանման պարտականութիւնը մեր ուսերուն շալկած կը շարունակենք մեր երթը:

Արմէն Ապտալեան

Ապտալեան ըսաւ, որ քաղաքը քաղաք կը դառնայ երբ բնակիչներն ու պատասխանատուները զիրար կը հասկնան եւ կը գործակցին իրարու հետ, եւ առանց այս փոխադարձ յարաբերութեան եւ հասկացողութեան ոչ մէկ իրագործում կը կատարուի:

«Մեր քաղաքը կազմուեցաւ ու դարձաւ սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոնը, եւ այդ պատմութիւնը, որ կերտուեցաւ, հիանալի դէպքերու ժապաւէն մըն է», ըսաւ ան:

«Քաղաքացիական պատերազմին այս քաղաքի երիտասարդները պաշտպանեցին մեր փողոցները եւ տէր դարձան ժողովուրդին մինչեւ 1991, որմէ ետք դարձեալ ծաղկեցաւ Պուրճ Համուտը, իսկ այսօր այս կեդրոնի պահանջները տարբեր են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտը ունի կարելիութիւնը հայահոծ դառնալու դարձեալ, հակառակ ներկայիս պարզուած պատկերին:

«Մենք առեւտրական կեդրոնէ մը աւելի դարձեալ հայատրոփ ու հայաշատ քաղաքի մը վերածուինք եւ համերաշխութեան տիպար օրինակը դառնանք», ընդգծեց Ապտալեան, որ շարունակելով իր խօսքը աւելցուց, որ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն կեդրոնները Պուրճ Համուտ կը գտնուին եւ մեր բոլոր կառոյցները հոս են, այդ պատճառով պիտի պահենք այս քաղաքը իբրեւ հայկական Պուրճ Համուտ, որպէսզի լիբանանեան խճանկարին մէջ անիկա մնայ փայլուն:

Ճիշդ է, կ՛ըլլան յուսախաբութեան պահեր, բայց ամէն դժուարութիւն կը լուծուի, եւ մենք կ՛ուզենք, որ Պուրճ Համուտը մնայ այնպէս, ինչպէս որ է, իսկ այս փառատօնը կը ծառայէ այդ նպատակին:

Արմէն Ապտալեան անդրադարձաւ նաեւ անցեալէն մեր սորվելիք դասերուն, «առաջին` պիտի պահենք ու պահպանենք Պուր    ճ Համուտի դիմագիծը, տոկանք դժուարութիւններուն, տէրը դառնանք մեր աւանդութիւններուն, միշտ յիշենք, որ մեր մեծ հայրերը այս քաղաքը եկան` իրենց հետ բերելով իրենց արհեստները եւ կարօտը իրենց հողին, շինեցին այս քաղաքը իրենց ուժերով, եւ մենք պարտաւոր ենք տէրը դառնալու այս ժառանգութեան եւ զայն փոխանցելու նոր սերունդին: Այս բոլորը կ՛իրականանայ համատեղ գործակցութեան եւ Պուրճ Համուտը հայ պահելու նախանձախնդրութեան շնորհիւ: Արմէն Ապտալեանի խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին այս առիթով յատուկ պատրաստուած տեսերիզ մը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ազգային Լեւոն Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտները` ասմունքով եւ պարով, «Հայ շեփոր» խումբը, Համազգայինի տհոլահարներու խումբը, Համազգայինի պարարուեստի միաւորը, Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը, փառատօնի մթնոլորտը ճոխացուցին երգչուհի Սեւան Հաճեան եւ երգիչներ Սագօ Պեսնիլեան, Գօգօ Արոյեան, Վրէժ Սահակեան, Արարատ Ահարոնեան, իսկ օրուան անակնկալը հայրենի սիրուած երգիչ Արամէն էր, որ երկու երգով իր մասնակցութիւնը բերաւ փառատօնին:

Վերջապէս, փառատօնը փակուեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Սերոբ Յակոբեանի կողմէ փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Յայտագիրին հանդիսավարն էր Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, իսկ երգեհոնի վրայ երգիչներուն ընկերակցեցաւ Յովիկ Ատուրեան, իսկ թմբուկի ու տհոլի վրայ` Վահէ Սիմոնեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES