Հակառակ Ռմբակոծումի Ձայներուն, Դամասկոսի Վիճակը Համեմատաբար Կայուն Է
Դամասկոսէն «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ Ատհա տօնին նախօրեակին սկսած էր հրթիռարձակման տարափը հարուածել Դամասկոսի կարգ մը խաղաղ թաղամասեր, ինչպէս` Քուսուր, Քասա, Շալան եւ այլն, մինչ մայրաքաղաքի բնակիչները կը փորձէին տօնական մթնոլորտ ստեղծել:
Իսկ երեքշաբթի կանուխ ժամերուն ինքնաթիռները հարուածեցին զանազան շրջաններու մէջ զինեալներու կեդրոնները: Միւս կողմէ, հրասանդի հրթիռներ շարունակեցին թիրախ դարձնել Զապլաթանի, Տումմար, Ապպասիին, Քանաուաթ եւ Պապ Թումա բնակելի շրջանները` նիւթական թեթեւ վնաս հասցնելով նաեւ Պապ Թումա հրապարակի վրայ գտնուող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնքէն բաժինի մը:
Չորեքշաբթի եւս Ժարամանա շրջանին վրայ ինկան բազմաթիւ հրասանդներ:
Անցնող օրերուն կը լսուէին թնդանօթներու հարուածներու ձայնը` ուղղուած արուարձաններու մէջ գտնուող զինեալներու կեդրոններուն, մանաւանդ Դամասկոսի արեւմուտքի արուարձաններէն Տարէայի եւ Մոատամիէի կողմերը:
Նշենք, որ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ կենցաղային պայմանները որոշ չափով բարւոք կը նկատուին, բաղդատելով կարգ մը հեռաւոր արուարձաններու, որոնք շրջափակման մէջ են եւ կը տառապին սննդամթերքի պակասէն:
Տօնի երրորդ օրը` հինգշաբթի, աւելի հանգիստ կը նկատուի, արդէն մայրաքաղաքին մէջ բնական դարձաւ շարժումը:
Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողած է վերատիրանալ կարգ մը արուարձաններու:

