Լեհաստան Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով, իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն համար, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Վալտեմար Ֆորնալիք պաշտօնանկ եղաւ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:

Անոր յաջորդը պիտի նշանակուի երկու շաբաթ ետք:

50 տարեկան Ֆորնալիք, իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ տարուան յուլիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES