ՔԱԿ-ի Զինեալները Կը Սպառնան Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Յարձակումներու Սկսիլ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ՔԱԿ-ի քաղաքական թեւի ղեկավարի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող պայքարի ուժեղացման ենթահողին վրայ Թուրքիայէն հեռացած քիւրտ զինեալները կը սպառնան Թուրքիոյ մէջ նոր յարձակումներ կատարել:
Ըստ աղբիւրին, անոնք պատրաստ են Հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիա մուտք գործել: Այդ պատրաստակամութեան պատճառը այն է, որ, ըստ քիւրտերու, Թուրքիան կը սատարէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դէմ իսլամական զինեալներու պայքարին: Անգարա կը հերքէ այդ մէկը:
Աղբիւրի գնահատմամբ, Սուրիոյ հակամարտութիւնը բարդացուցած է քիւրտերու հետ խաղաղութեան հասնելու Թուրքիոյ ջանքերը:
Վերջին երեք տասնամեակի ընթացքին թուրք-քրտական բախումներու իբրեւ հետեւանք աւելի քան քառասուն հազար զոհ արձանագրուած է:
Այս տարուան մարտին Թուրքիոյ եւ ՔԱԿ-ի միջեւ զինադադար հաստատուած էր: