Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ընտանեկան տագնապ մը կրնաք ունենալ հարցի մը շուրջ: Ջանացէք զիրար հասկնալ: Փարատեցէք թիւրիմացութիւնը եւ հաշտ ապրեցէք: Հարցը մի՛ մեծցնէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քոյրեր ու եղբայրներ համաձայնաբար որոշում մը տուէք ընտանեկան հարց մը կարգադրելու համար: Սէրը խաղաղութիւն կը բերէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամսականի յաւելում մը պիտի ունենաք: Ասով չի վերջանար, այս սկիզբն է: Պիտի ունենաք նաեւ այլ բախտաւորութիւններ: Օրը բարի է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի կարենաք իրագործել այնպիսի բան մը, թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ կացութենէ մը: Ուրիշներ դաս պիտի քաղեն ձեզմէ, պիտի հետեւին ձեզի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ դրական եւ խելացի ձեւ մը պիտի գտնէք պաշտպանելու եւ պահելու համար ձեր առողջութիւնը: Շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն է այս:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Քիչ մը օգնութիւնը մեծ բան մը չէ: Կրնաք օգնել ձեր շուրջը եղող կարիքաւորին, կամ` ձեր գիտելիքներէն օգտուիլ ուզողին: Կրնաք ընել:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շուտով մի՛ լքէք ձեր ստանձնած գործը: Լաւ ճամբու վրայ էք, շարունակեցէք ձեր ընթացքը: Օրը ունի բացառիկ առիթներ, օգտուեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընթերցանութիւն պիտի կատարէք, ձեր կարդացածը պիտի կրկնէք մերձաւորի մը, որ շատ գոհ պիտի մնայ ձեր այս բարիքէն: Նոյնը ըրէք միշտ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի պարտական անձ մը պիտի վճարէ իր պարտքը, որ երկար ատենէ ի վեր կը տնտնար վճարելու: Հաշիւը փակուած նկատեցէք: Օրը բարի է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուարութեամբ պիտի հանդուրժէք անձի մը նկարագրին ու վարմունքին: Հեռու կեցէք անօգուտ վէճերէ: Հանդուրժեցէք, կը սիրուիք անպայման:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շնորհիւ նոր սննդականոնի մը` հիանալի առողջութիւն պիտի ունենաք: Շարունակեցէք նոյն ընթացքով, առանց մոռնալու մարզանքը եւ քնանալը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ոմանք մարզանք կ՛ընեն, ուրիշներ կը դիտեն մարզախաղեր: Սիրելը չի բաւեր, պէտք է անձնապէս կատարել: Ձեր շուրջիններուն օրինակ եղէք ձեր դրական աշխատանքով:

Share this Article
CATEGORIES