ՎԱՐԴԳԷՍ ԵՒ ՄԱԿԻ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»

Մակի եւ Վարդգէս Մահտեսեաններ

Երէկ կէսօրին, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեանները եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ: Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ եւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ծանօթացաւ մեր թերթի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն: Գնահատելէ ետք հայ մամուլին դերակատարութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ` Վարդգէս Մահտեսեան զեկուցեց կիպրահայ համայնքին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Համայնքին հետ կապուած խնդիրներուն մասին կիպրահայութեան ներկայացուցիչին հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը շուտով կը դառնայ մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

Վարդգէս Մահտեսեան ընդգծեց սփիւռքահայ կեանքին եւ այս պարագային կիպրահայ համայնքի գործունէութեան մասին «Ազդակ»ի կատարած լուսաբանումներուն կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES