ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԾՈՎՈՒԺԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿԱԶԱ ՈՒՂՂՈՒԵԼԻՔ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻՆ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ծովուժը կը պատրաստուի Կազա նաւարկելիք նոր նաւատորմիղի մը դէմ դնելու:
Կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ծովուժը թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իր յարձակումի դէպքին դասերը քննարկած է ծովուժի փոխհրամանատարին գլխաւորած նիստի մը ընթացքին:
Կը նախատեսուի, որ միջերկրականեան տարբեր նաւահանգիստներէ նաւարկող 15 նաւերէ բաղկացած նաւատորմիղ մը 20 յունիսին ուղղուի դէպի Կազա: Նաւատորմիղը կը նպատակադրէ շուրջ 1500 գործիչներ եւ սիմենթ փոխադրել Կազա:
CATEGORIES Միջազգային