ԸՍՏ «ՕՔՍՖԱՄ»Ի 2030-ԻՆ ՍՆՆԴԱՄԹԵՐՔԻ ԳԻՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿՈՒԻԼ
Միջազգային բարեգործական «Օքսֆամ» կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէ, որ 2030-ին սննդամթերքի գիները կրնան կրկնապատկուիլ: Եթէ պետութիւններու ղեկավարները անհրաժեշտ քայլերուն չձեռնարկեն, յառաջիկայ քսան տարիներուն ընթացքին հացահատիկային բոյսերու գինը պիտի բարձրանայ 120-180 առ հարիւրով:
«Օքսֆամ» իր զեկուցումին մէջ կը զգուշացնէ, որ սննդամթերքի գիներու այդքան կտրուկ բարձրացումին հիմնական պատճառը համաշխարհային կլիմայի փոփոխութիւնն է: Զեկուցումը կ՛առանձնացնէ 4 «թէժ կէտեր», որոնց բնակիչները սննդամթերքի սուր պակաս պիտի զգան: Այդ երկիրներն են` Կուաթեմալան, Հնդկաստանը, Արեւելեան Ափրիկէի երկիրներն ու Ազրպէյճանը:
Կազմակերպութիւնը համաշխարհային ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղէ` սննդամթերքի շուկան կարգաւորելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ ստեղծելու համաշխարհային հիմնադրամ` կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարելու համար:
Մինչ «Օքսֆամ» կը նշէ, թէ 2030-ին Ազրպէյճանի բնակիչները սննդամթերքի սուր պակաս պիտի զգան, միջազգային այլ զեկուցում մը կը նշէր, թէ 2028-ին Ազրպէյճանի քարիւղի պաշարը պիտի սպառի: Ըստ երեւոյթին, Ազրպէյճան մօտիկ ապագային «փայլուն» կացութեան մը պիտի մատնուի:

