ԹԵԼ ԱՒԻՒ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հռոմի մէջ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, որ Իսրայէլ յոյսով է, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը վերանայ եւ նախկին յարաբերութիւնները վերականգնին:
«Մենք պէտք է երջանիկ ըլլանք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական ընտրութիւններով, որովհետեւ շրջանին մէջ նման բանի ականատես դառնալը դժուար է: Յոյսով եմ` վատթարացող մեր յարաբերութիւնները պիտի վերականգնին», ըսած է ան` ընդգծելով, որ Թել Աւիւ երբեք չէ ուզած Անգարայի հետ յարաբերութիւնները փճացնել:
«Յոյսով եմ` մեր յարաբերութիւնները պիտի լաւանան: 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իսրայէլէն նախապէս հանգստանալու նպատակով Թուրքիա կը մեկնէր 400 հազար մարդ: Սակայն կը ցաւիմ, այդ պատկերը այսօր այդպէս չէ», ըսած է Իսրայէլի վարչապետը:
Թրքական մամուլը Նեթանիահուի յայտարարութիւնը մեկնաբանած է իբրեւ Թել Աւիւի դիրքորոշման մէջ «նահանջ»: