ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Այցելութիւնը Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին
Երէկ առաւօտուն Պուրճ Համուտի Հայոց առաջնորդարան այցելեց եւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:
Աւելի քան ժամ մը տեւած ծանօթացման այս հանդիպումը առիթ ծառայեց զրուցելու գաղութին առնչուած զանազան հարցերու մասին:
Կեդրոնական կոմիտէի ընկերները յաջողութիւն մաղթեցին սրբազան հօր` իր ստանձնած նոր առաքելութեան մէջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր կարգին հաստատեց գաղութի կեանքին մէջ համագործակցութեան ոգիով համախումբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Գաղութային