ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԺՈՂՈՎ

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երկուշաբթի օր արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւորութեամբ գումարած են ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած են վերջին զարգացումները եւ սուրիացի գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը: Ժողովին մասնակիցները շրջանին մէջ թրքական դեսպանատուներուն միջեւ աւելի սերտ խորհրդակցութեանց մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Անգարայի մէջ դիւանագէտներ «Անատոլու»ին յայտնած են, որ ժողովին մասնակիցներուն շարքին էին Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան դիւանագէտներ, ինչպէս` Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօմեր Էօնհոն եւ Պէյրութի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սուլէյման Ինան էօզեըլտըզ:

Share this Article
CATEGORIES