ՖԱՊԻԱՆՕ ՇՈՒՐՋ ՎԵՑ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Սեւիլլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին պրազիլցի յառաջապահ Լուիս Ֆապիանօ շուրջ վեց շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն: 30 տարեկան մարզիկը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Սեւիլլայի կրած այս վերջին պարտութիւնը (2-0) պատճառ դարձաւ, որ անիկա եւրոպական մրցաշարքի մը իր տոմսը դժուար թէ կարենայ ապահովել` նկատի ունենալով, որ այժմ անիկա 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 38 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական