Հաստատուած Է Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցելու Վերաբերեալ 3 Փաստաթուղթ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով` Հայաստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ նիստին:

Նիստին ընթացքին, ի շարս այլ նիւթերու, քննարկումի ներկայացուած են Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին Հայաստանի անդամակցութեան նախապատրաստութեան վերաբերեալ երեք փաստաթուղթ, որոնք հաստատուած են: Այդ փաստաթուղթերը հետեւեալներն են. Հայաստանի` Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին միանալու մասին որոշման նախագիծը, Եւրասիական ընկերակցութեան գործընթացին Հայաստանի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ փոխգործակցութեան խորացման մասին յուշագիրը:

Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով յայտնեց, որ Հայաստան նշած է, թէ պատրաստ է ստանձնելու Մաքսային միութեան անդամակցելու համար անհրաժեշտ պարտականութիւնները: Ըստ Շուվալովի Հայաստանի անդամակցութեան նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբը դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստին պիտի ներկայացնէ Հայաստանի անդամակցութեան ճամբու քարտէսը: Ան հաստատած է, որ երբ որ Հայաստան ունենայ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, պիտի դառնայ Մաքսային միութեան անդամ:

Համագործակցութեան մասնակից պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ տարբեր ոլորտներ ներառող 14 հարցեր, որոնք կը վերաբերէին առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարներուն, իրաւապահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան, մշակութային-մարդասիրական կապերու հետագայ զարգացման:

Քննարկուած հարցերուն կարգին էին 2014-2016 թուականներուն ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան այլ բռնի դրսեւորումներուն դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան, թմրեցուցիչի անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան եւ 2014-2018-ի թմրամոլութեան հակազդման վերաբերող ծրագիրները, որոնք հաստատուած են նիստի մասնակիցներուն կողմէ:

Նախագահները քննարկած եւ համաձայնութիւն տուած են նաեւ 2014-2018 թուականներուն յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ միացեալ միջպետական ծրագիրին, տուեալ ժամանակաշրջանին մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու համագործակցութեան մասին ծրագիրին:

Նիստին ընթացքին հաստատուած են փտածութեան հակազդելու միջպետական խորհուրդի ձեւաւորման մասին համաձայնագիրը եւ արհեստագիտութեամբ կիրարկուող յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան վերաբերողը հայեցակարգը: Մարդասիրական համագործակցութեան ոլորտին մէջ քննարկուած են 1941-1945 թուականներու Հայրենական պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակը տօնելու նախապատրաստութեան վերաբերող հարցեր, որոշում տրուած է 2014-ին ԱՊՀ-ի մէջ զբօսաշրջութեան տարի յայտարարել եւ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքներ միջպետական ծրագիրը իրականացնել:

Որոշուած է ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել Քիեւի մէջ: ԱՊՀ-ի նախագահութիւնը փոխանցուած է Ուքրանիոյ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մինսքի մէջ` միւս նախագահներուն հետ,  մասնակցած է նաեւ Անկախութեան պալատի բակին մէջ կայացած պատուաւոր հիւրերու ծառուղիի հիմնադրութեան արարողութեան:

Share this Article
CATEGORIES