Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. Գիւտ Սուրբ Խաչի Տօնի Նշում Եւ Առաջնորդ Սրբազանի Առաջին Պատարագ

 

 

 

 

 

 

Երէկ` կիրակի, 27 հոկտեմբերին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը` Գիւտ Ս. Խաչի տօնը, որ զուգադիպեցաւ Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի այդ հանգամանքով մատուցած անդրանիկ սուրբ պատարագին: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը արտասանեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող քարոզ մը:

Ապա Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան: Առաջնորդ սրբազանը նոյնպէս ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն համար կազմակերպուած ընդունելութեան առնչութեամբ:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )