Միշա Ալոյեան Հռչակուեցաւ Աշխարհի Ախոյեան

Ռուսահայ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ոսկի մետալի տիրացած է, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` այս լուրը քաղելով ռուսական լրատուամիջոցներէն:

Աւարտականին Ալոյեան յաղթած է Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Եասուրպէկ Լաթիփովին, իրաւարարներուն հետեւեալ որոշումով` 29-28, 29-28 եւ 28-29:

Այսպիսով, Ալոյեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով նման յաջողութեան կը հասնի: Ան 2011-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր:

ArmSport.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ Ալոյեան 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականին տիրացած էր պրոնզ մետալին:

Share this Article
CATEGORIES