Հայ Դատը Սպիտակ Տան Եւ Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Ցուցադրելու Ցեղասպանութեան Որբերուն Գորգը

Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը զննէ գորգը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Սպիտակ տան ու Քոնկրեսին, որ մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը յատկացնեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ տան նուիրուած պատմական գորգին:

Նախորդ շաբթուան ընթացքին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը գրած էր, որ Սպիտակ տունը մերժած է գորգը ցուցադրելու առաջարկը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ դեկտեմբեր 16-ին սկսելիք ցուցահանդէսին` անոր նախնական հաւանութիւն տալէ ետք:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» այս առթիւ կը գրէ. «Գորգը 1920-ական թուականներուն գործած են հայ որբ երեխաներ, եւ Սպիտակ տան մէջ պաշտօնապէս ցուցադրուած է 1925-ին: Նկարին մէջ կը տեսնուի նախագահ Քելվին Քուլիճը` կանգնած գորգին վրայ, որ ոչ միայն անչափահաս երեխաներու աշխատանքին արդիւնք է, այլ բարդ, մանրակրկիտ աշխատանք մը, որ արժանի է մեծ հաստատութիւններուն: Գորգին վրայ գծուած բոյսերն ու կենդանիները կրնան ներկայացնել Եդեմական Այգին, որ այնքան հեռու էր 1915-ի սարսափելի իրադարձութիւններէն, երբ կործանուող ու ծերացած Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ հայ բնակչութեան կոտորածը: 1-1,5 միլիոն մարդ սպաննուեցան կամ մահացան սովէն, իսկ միւսները ստիպուած եղան լքել իրենց տուները: Այս գործողութիւնները այժմ կը նկատուին ցեղասպանութիւն: Ծնողազուրկ դարձան շատեր, որոնց շարքին նաեւ աւելի քան 100 հազար երեխաներ, որոնց

կ՛աջակցէր Մերձաւոր Արեւելքը հովանաւորող ամերիկեան կազմակերպութիւնը: Անոնց շարքին էին գորգը գործող աղջիկները: Ան պատրաստուած է Ղազիր քաղաքին մէջ, որ այժմ Լիբանանի մէջ է, առ ի շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն` ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար»:

Սպիտակ տան այս կամայական որոշումին դէմ արտայայտուելու եւ անոր փոփոխութիւնը պահանջելու համար կարելի է այցելել www.anca.org/action-alerts/action-disp.php?aaid=62978086 կայքէջը:

Գործը մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր Սպիտակ տան պահեստասրահին մէջ կը մնայ: Կային յոյսեր, թէ անիկա պիտի ցուցադրուի նշեալ հիմնարկին մէջ տեղի ունենալիք` Յակոբ Մարթին Տերանեանի կողմէ նոյն այդ գործին մասին գրուած հատորի ներկայացման ձեռնարկին ընթացքին: Գորգը 1925-ին նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` Ցեղասպանութեան օրերուն Ուաշինկթընի եւ ամերիկացիներու կողմէ հայութեան մատուցուած աջակցութեանց համար: «Սպիտակ տունը պէտք է յստակ բացատրութիւն տայ իր որոշումի պատճառներուն վերաբերեալ: Ժամանակն է, որ Սպիտակ տունը ընդունի Թուրքիոյ դերը եւ ներկայացնէ փաստերը, թէ ինչո՞ւ կը խոչընդոտէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն գործած այսպատմական ու արուեստի տեսակէտէն արժէք ունեցող գորգին ցուցադրութիւնը «Սմիթսոնիըն»-ի մէջ, կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

«Սմիթսոնիըն»-ի Ասիական մշակոյթի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Փոլ Թայլըր կը յայտնէ, թէ Սպիտակ տունը որեւէ բացատրութիւն չէ տուած իր որոշումին կապակցութեամբ, նշելով, որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի միջամտութիւնը արդիւնք չէ տուած:

Սպիտակ տունը անցեալ շաբաթ պարզապէս յայտարարած էր. «Ղազիրի գորգը կը խորհրդանշէ Միացեալ Նահանգներու եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները: Մենք կը ցաւինք, որ այս պահուն զայն կարելի չէ տրամադրել»:

Հոկտեմբեր 24 թուակիր ու նախագահ Օպամայի աշխատակազմի ղեկավար Տենիս ՄըքՏանայի ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան Սպիտակ տան յիշեցուցած էր, թէ գորգը ստանալու ընթացքին նախագահ Քուլիճ գրած էր. «Գորգը իր պատուաւոր տեղը ունի Սպիտակ տան մէջ, ուր անիկա աշխարհի մէջ բարի կամքի ամէնօրեայ խորհրդանիշը պիտի ըլլայ»: Խաչիկեան ապա իր կողմէն աւելցուցած է. «Նոյն ոգիով կը խնդրեմ վերցնել որեւէ խոչընդոտ, որ կը խանգարէ պատմական նշանակութիւն ունեցող արուեստի այդ գործին ցուցադրումը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ»:

Խաչիկեան նաեւ կը նշէ. «Ընտրուելէն ի վեր նախագահ Օպաման ոչ միայն չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ գործնականօրէն խանգարած է այդ ոճրագործութիւնները ոգեկոչող օրինագիծերու վաւերացումը Քոնկրեսին մէջ եւ իր գլխաւոր հաւատարմատարին միջոցով պաշտօնապէս արգիլած է ամերիկահայ քաղաքացիներուն, որ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի ունեցուածքին վերաբերեալ պահանջներ ներկայացնեն ամերիկեան դատարաններու: Վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենան Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն կազմակերպած ձեռնարկներուն ընթացքին` միաժամանակ մերժելով պարզապէս ներկայ գտնուիլ այդ ոճրագործութեան յիշատակին նուիրուած Քոնկրեսի նախաձեռնութիւններուն»:

Ըստ տոքթ. Յակոբ Տերանեանի, Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն գործած գորգը ունի մօտաւորապէս 11.5 ոտքով 18.5 ոտք ծաւալ ու բաղկացած է 4,404,206 հանգոյցներէ: Մերձաւոր Արեւելքի ընկերակցութեան Ղազիրի որբանոցի հայ որբուհիները զայն գործած են մօտաւորապէս տասը ամսուան ընթացքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վաչէ 10 years

    «Բարի կամքի ամէնօրեայ խորհրդանիշ»-ի խափանարարութիւնը ուրիշ բան չէ ՛ եթէ ոչ Ձեղասպանութեան դեռ շարունակուող կայսերապաշտ եւ յանձագործ ուրացման ամօթ փաստ։ 

  • Disqus ( )