ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԿՆՈ՞Ջ, ԹԷ՞ ՏՂԱՄԱՐԴՈՒ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՔ

Ստորեւ տրուած 15 հարցումներուն պատասխանեցէք «այո», «ոչ» կամ «չեմ գիտեր» տարբերակներով:

1

Նուագախումբի մը մէջ, պիտի փափաքէի ջութակահար ըլլալ:

2

Դժուար կացութիւններու առջեւ օգնութիւն կը խնդրեմ ամէնէն մօտիկ մարդոցմէ,:

3

Շատ մը հարցերու գծով գիտեմ արագ որոշում կայացնել:

4

Շատ դիւրին տպաւորուող անձ եմ:

5

Տեղին գիտեմ պարտադրել հեղինակութիւնս:

6

Արտաքին տեսքիս հոգ կը տանիմ եւ ատիկա բաւարարութիւն կը պատճառէ ինծի:

7

Սովորաբար կը ջանամ յարմարիլ կացութիւններու…:

8

Երբեմն կը փորձեմ հմայել հակառակ սեռի անձ մը:

9

Աչքի կը զարնեմ մղումներովս եւ ազատամտութեամբս:

10

Հետս միշտ հայելի կը պտտցնեմ:

11

Ոխակալ եւ վրէժխնդիր եմ:

12

Զուսպ եւ պաղարիւն չեմ:

13

Կը հաւատամ, որ սէրը նուիրական զգացում է, որ կարիք ունի անպայմանօրէն արտաքին դրսեւորում ստանալու:

14

Ես վիպապաշտ եմ:

15

Բնաւորութիւնս կը նմանի հօրս բնաւորութեան:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՇՈՒԵԼ ԿԷՏԵՐԸ

Անզոյգ թիւով հարցումներուն «այո» եւ զոյգ թիւով հարցումներուն «ոչ» պատասխանելու պարագային 10 կէտ արձանագրեցէք, իսկ իւրաքանչիւր «չեմ գիտեր» պատասխանի համար 5 կէտ, եւ արդիւնքները գումարեցէք:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Եթէ 100-150 կէտ հաւաքած էք, հոգեկան առումով դուք հարիւր տոկոսով տղամարդ էք: Վճռակամութիւն, ինքնուրոյնութիւն, անկախութիւն. ահա ձեր ուժեղ կողմերը: Կրնաք յենարան ըլլալ այլ մարդու համար եւ գիտէք, թէ ինչո՛ւ կ՛ապրիք այս աշխարհին երեսին: Բերդի պէս տոկուն էք, եւ շատեր կը գնահատեն ձեր այս առաւելութիւնը:

Եթէ 50-95 կէտ հաւաքած էք, անհրաժեշտութեան պարագային դուք ինչպէս տղամարդկային, այնպէս ալ կանացի բնաւորութեան գիծեր կը դրսեւորէք: Կացութիւններուն յարմարելու մեծ կարողութիւն ունիք եւ ձեր հոգեկան մեծ ճկունութիւնը ձեզ կը դարձնէ շատ ժողովրդական եւ փնտռուած:

Եթէ 0 – 45 կէտ հաւաքած էք, հոգեկան առումով դուք հարիւր տոկոսով կին էք: Այսօր այդպիսի մարդիկ հազուագիւտ են: Եթէ դուք կը սիրէք զբաղիլ խոհանոցով, տնային գործերով եւ երեխաներու դաստիարակութեամբ, եթէ դուք մեղմ էք եւ խոնարհ, ապա դուք ունիք տղամարդու իտէալը դառնալու բոլոր նախադրեալները: Իսկական տղամարդը կ՛ընդունի ձեզ այնպէս, ինչպէս որ էք, եւ ան ձեզ այդպէս կը սիրէ:

 

ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ

Այս ամառ, ինչպէս անցեալ ամառ, շատ նորոյթ են տափակ, անկրունկ սանտալները, որոնք կը վայելեն երիտասարդուհիներուն եւ մանաւանդ գեղեցիկ ոտքեր ու խնամուած մատներ ու եղունգներ ունեցողներուն: Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, այս բաց, թեթեւ եւ գործնական կօշիկները մեծապէս պիտի հանգստացնեն ամիսներ շարունակ գոց կօշիկներու կամ մոյկերու մէջ բանտարկուած ոտքերը:

 

Միւս կողմէ, նոյնքան նորոյթ են բարձրակրունկ սապօ-սանտալները, որոնք սլացք եւ վայելչութիւն պիտի տան կրողին, Ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը:

 

 

ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՄԱՀՃԱԿԱԼԻ «ԳԼՈՒԽ»

Եթէ ձանձրացած էք ձեր ննջարանի կահոյքէն եւ քիչ ծախսով կ՛ուզէք փոփոխութիւններ մտցնել, ահաւասիկ` հետաքրքրական գաղափար մը:

– Ձեր մահճակալին մետաղէ կամ փայտէ «գլուխը» անջատեցէք մարմինէն:

– Պատին վրայ հաստատեցէք մետաղէ ձող մը, վրան հաստատեցէք գեղեցիկ պատկերով ծածկոց մը, նախընտրաբար` չէզոք, մեղմ գոյներով օժտուած:

– Նոյն ծածկոցին կտորէն կարել տուէք բարձի երեսներ:

– Պատէն կախուած ծածկոցը մահճակալի «գլուխ» պիտի ծառայէ, միաժամանակ պիտի փոխէ թէ՛ սենեակին յարդարանքը եւ թէ՛ ձեր տրամադրութիւնը:

 

ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՎԱՐԱԳՈՅՐ

Երբ ձեր բնակարանը կը կահաւորէք, պէտք է յատուկ կարեւորութիւն տաք վարագոյրներուն:

Վարագոյրն ու գորգը տան յարդարանքի կարեւոր աքսեսուարներէն կը համարուին:

Դժուար է տուն մը պատկերացնել առանց վարագոյրի, քանի որ յատուկ դրոշմ կու տայ կահոյքին եւ մթնոլորտ` սենեակին շնորհիւ իր ստեղծած լոյսի եւ ստուերի խաղերուն:

Վարագոյր ընտրելէ առաջ անհրաժեշտ է նկատի առնել`

– Սենեակին կահոյքը
– Սենեակին պատերուն գոյնը
– Դրան կամ պատուհանին շրջանակին ձեւը
– Կտորին տեսակն ու որակը

Վարագոյրին գոյները պէտք է ներդաշնակուին ոչ միայն սենեակի կահոյքին եւ պատերու գոյնին հետ, այլ նաեւ անհրաժեշտ է նկատի առնել, թէ սենեակը որպէս ի՛նչ պիտի գործածուի…

Վարագոյրի ընտրութեան ընթացք պէտք է հաշուի առնուին նաեւ ընտանիքի անդամներուն բնաւորութիւնը, տարիքային առանձնայատկութիւնները:

Այլ խօսքով, ինչպիսի վարագոյր ալ ընտրէք ձեր բնակարանին համար, յիշեցէք, որ անիկա պիտի արտացոլացնէ ձեր ճաշակն ու բնաւորութիւնը: Հետեւաբար ձեր ժամանակը առէք, լաւ սերտեցէք եւ ապա գործի լծուեցէք: Վարագոյրը հագուստի պէս չէ, անիկա նոյն յաճախականութեամբ կարելի չէ փոխարինել ուրիշով:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՔՈՒՍՔՈՒՍՈՎ ԱՂՑԱՆ

Բաղադրութիւն

– 1 գաւաթ տաք ջուր
– 1 գաւաթ քուսքուս
– 1 պզտիկ ստեպղին` կլոր շերտուած
– 1 պզտիկ սոխ` մանրուած
– 1 կարմիր պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրուած
– 1 վարունգ` կլոր շերտուած
– 1 կանաչ խնձոր` խորանարդաձեւ կտրուած
– 1/3 գաւաթ չամիչ
– 1 գաւաթ սիսեռ` խաշած
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Քանի մը ճիւղ պրոքոլի` խաշած
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ, քիմիոն
– Քանի մը ցօղուն ազատքեղ` մանրուած
– Քանի մը տերեւ ռեհան` մանրուած

Պատրաստութիւն

Կաթսայի մը մէջ լեցնել տաք ջուրը, քուսքուսը եւ թեթեւ կրակի վրայ 2 վայրկեան ձգել` միշտ խառնելով: Կաթսան կրակէն վար առնել եւ 15 վայրկեան թրջուած ձգել քուսքուսը:

Աղցանի յատուկ ամանի մը մէջ մանրուած բանջարեղէնները դնել, աւելցնել խնձորը, չամիչը, քուսքուսը եւ խառնել:

Աւելցնել կիտրոնի հիւթը, աղը, քիմիոնը, փոշի պղպեղը եւ խառնել: Ամանը զետեղել սառնարանը, որպէսզի պաղի:

Հիւրասիրելու ընթացքին զարդարել մանրուած ազատքեղով եւ ռեհանով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՁՕՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ

Հայրերուն արի, տօնին օրհնաբեր,
Խինդ ու ժպիտով հիւսենք նոր երգեր,
Լոյսեր ցնծութեան մեզ ո՞վ պիտ` բերէր,
Միայն դուն հայր իմ, հերոս անվեհեր:

Զաւակներ հրաշք, արիւնէն Հայկի,
Ժառանգներ ցեղին, Սասունցի Դաւթի
Մեր հզօր երթին, հաւատքը բարի,
Ո՞վ պիտ` կտակեր, միայն դուն, հայր իմ:

Հիմնաքար հաստատ, մեր տան սիւն, երդիք,
Հայր իմ պահապան բերդին անառիկ,
Մեր բերրի արտին, արեւոտ այգի
Մեր անխոնջ մշակ, հայրն ես թանկագին:

Քրտինքդ արդար եղաւ բաց սեղան,
Մեր հաց ու խնճոյք, մեր մտքի մատեան:
Ո՞վ պիտի բաշխէր երգ ու միրգ այսքան,
Հայր իմ դուն միայն, հայր իմ պատուական:

Չարը խափանող, թշնամին վանող
Թիկնապահ հզօր, պաշտպան ապահով,
Զինուորն ես զօրեղ արթուն աչքերով,
Առանց քեզ հայր իմ, ինչպէ՞ս պիտ` ծագէր
Արեւ առաւօտ, մեր երդիքն ի վեր:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ»

8 յունիս 2011

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES