«Մուրադեանի Սպանութեան Գործով Նախաքննական Մարմինները Կրնային Աւելին Ընել» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Արդէն եօթը ամիսներ անցած են Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան, եւ «Հրաչ Մուրադեան. արդարութեան պահանջ» շարժումը երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով տուաւ մամլոյ ասուլիս:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս ասուլիսին անհրաժեշտութիւնը յառաջացաւ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ նախ եւ առաջ իրենք մինչեւ հիմա փորձած են առաւելագոյնս զուսպ հետեւիլ նախաքննութեան ընթացքին եւ որեւէ միջամտութեամբ, կամ նախաքննութեան շահերէն մեկնելով, շատ չխօսիլ այդ մասին: Վարդանեան նշեց, որ կայ նաեւ հասարակական պահանջ, թէ՛ Պռօշեան համայնքի բնակչութեան, թէ՛ իրենց կողմէ, որ այս սպանութեան բացայայտումը պետութեան իրաւապահ մարմիններուն պատուոյ գործն է, եւ այս հարցը չի կրնար չբացայայտուիլ: «7 ամսուան այս շարունակական ընթացքը մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու, որ իրաւապահ մարմինները կրնային շատ աւելի ամբողջական նախաքննութիւն իրականացնել եւ շատ աւելի արդիւնքներ ունենալ մինչեւ հիմա: Նախ եւ առաջ, խօսքը կը վերաբերի Հրաչ Մուրադեանի նկատմամբ անցեալին` 2010 թուականին տեղի ունեցած մահափորձին, բազմաթիւ այլ միջադէպերու, եւ դժբախտաբար, մինչեւ հիմա այս երկու հիմնական գործերը իրարու չեն միացած», ընդգծեց Վարդանեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը աւելցուց, որ ժամանակը կ՛անցնի, ոմանք կը մահանան, ոմանք կը հեռանան Հայաստանէն, ոմանք նոր պաշտօններ կը ստանան, սակայն պետութիւնը բացթողում կ՛արձանագրէ եւ չ՛իրազեկուիր ասոնց մասին:

Վարդանեան նշեց, որ նախաձեռնութեամբ «Հրաչ Մուրադեան, արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումին,

այսօր տեղի պիտի ունենայ բողոքի, պահանջի երթ Արամ Խաչատուրեանի արձանին մօտէն դէպի նախագահական նստավայր:

Թէ ինչո՞ւ նախագահական նստավայր, Աղուան Վարդանեան պարզաբանեց, որ այս ընթացքին Դաշնակցութիւնը հազուադէպ խօսած է, տեղեկութիւններ փոխանցած է Զանգուածային լրատուամիջոցներուն, սակայն իրենք բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են ոստիկանապետին, մինչեւ 7 հանդիպումներ` փոխոստիկանապետներուն, ոստիկանութեան այն վարչութիւններու պետերուն հետ, որոնք կը զբաղին այս խնդիրով, իսկ երէկ ալ հանդիպում ունեցած են ընդհանուր դատախազին հետ:

Աղուան Վարդանեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ ասուլիսին ընդամէնը երեք պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչներ կը մասնակցին, եւ երբ կը նշէ, որ այս գործին բացայայտումը պետութեան, իրաւապահներու պատիւի հարցն է, հասարակութեան գործն է, ու ընդամէնը երեք պատկերասփիւռի ընկերութիւններ կը տեսնէ, ատիկա եւս որոշ բանի մը վկայութիւնն է: «Ասիկա կը խօսի հասարակութեան կամ ուղղորդուող հասարակութեան միտումներու մասին: Կ՛ուզէի, որ այս փաստը անպայման արձանագրուէր», նշեց Աղուան Վարդանեան:

Հրաչ Մուրադեանի եղբօր տղուն` Յակոբ Մուրադեանի կարծիքով, Հրաչ Մուրադեանի ընտանիքը կը հաւատայ, որ գործը փակուղի կ՛ուղղուի: «Հրաչ Մուրադեան որեւէ կասկածելի գործ չէ կատարած, ինչ որ ունեցած է, իրաւապահ մարմինները գիտեն, եւ կը կարծեմ, որ եթէ լաւ աշխատին, վստահաբար գործը կը բացայայտեն, եթէ կամք ունենան, վստահաբար կը բացայայտեն», ըսաւ Յակոբ Մուրադեան:

Պռօշեանի գիւղապետարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Լուսինէ Պետոյեան նշեց, որ Հրաչ Մուրադեանի սպանութենէն ետք գիւղապետարանի աշխատակազմը հրաժարական տուաւ, քանի որ վստահութիւն չկար: «Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը միայն քաղաքական ենթահող ունէր, այսինքն` զայն սպաննեցին միայն անոր աթոռին հասնելու համար: Այդ համոզումը ունենալով` հրաժարեցանք աշխատանքէն, որովհետեւ կը մտածենք, որ նոր ընտրութիւնները եւ նոր գիւղապետը անպայման կապ ունին Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան հետ», յայտնեց Լուսինէ Պետոյեան` աւելցնելով, որ գիւղի մանկապարտէզին մէջ նոյնպէս այս բոլորէն ետք աշխատողներուն նկատմամբ ոչ բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերուած է, որուն իբրեւ արդիւնք աշխատողները հրաժարած են աշխատանքէն:

Ըստ անոր, գիւղին մէջ կը տիրէ մթնոլորտ մը, երբ Հրաչ Մուրադեանի հետ կապ ունեցող անձեր ստիպողաբար աշխատանքէ ազատ կը կացուցուին: Ասիկա հիմք կու տայ մտածելու, որ անոր սպանութիւնը քաղաքական ենթահող ունէր:

 

Share this Article
CATEGORIES