Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ յառաջացում պիտի ունենաք, արագ պիտի շարժիք։ Այս ընթացքը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի նիւթապէս եւ բարոյապէս։
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընկերոջ կամ ընկերուհիին հետ լաւ ժամանակ պիտի անցընէք։ Նոյն տրամադրութիւնները պիտի ունենաք նաեւ ընտանեկան կեանքի մէջ։
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կրնաք անհոգութեամբ աշխատիլ եւ հաստատ մնալ ձեր գործին վրայ։ Ընտանեկան միասնականութիւնը յուսատու է։ Մանր մունր հարցերը պիտի շրջանցէք հասկացողութեամբ։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ պիտի գնահատուիք ձեր աշխատանոցին կամ գրասենեակին մէջ։ Ձեր մեծաւորները պիտի անդրադառնան ձեր տաղանդին եւ աշխատասիրութեան։
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարիք ըրէք՝ առանց փոխարէնը սպասելու։ Առաջին քայլը դուք առէք՝ ըստ բարոյագիտական ուսուցման։ Կը սիրուիք, կը յարգուիք ամէն տեղ։
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքները յաջող պիտի ընթանան։ Ուրախութիւնը ձեզի պիտի ընկերանայ։ Բարի գործերով պիտի յատկանշուի ձեր օրը։
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առողջութիւնը ամէն բանէ առաջ է։ Խնամեցէք ձեր մարմինը, ինչ որ անհրաժեշտութիւն է։ Թեթեւի մի՛ առնէք նոյնիսկ աննշան ցաւ մը։
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամ մը ձեզի շատ լաւ լուր մը պիտի բերէ։ Այս լսելով՝ շատ պիտի ուրախանաք։ Օրը ունի հաճելի այլ պահեր։
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կրաւորական կեցուածք մի՛ ունենաք ձեր արհեստին կամ պաշտօնին վերաբերեալ։ Լաւ աշխատանք կիրարկեցէք, որպէսզի դրական արդիւնք ունենաք։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ներքին ձայնին, ձեր նախազգացումին հետեւեցէք՝ առանց վարանելու։ Ուրիշը չի կրնար ճանչնալ ձեր ներաշխարհը, հետեւաբար եղէք անկեղծ դուք ձեզի հետ։
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պատեհութիւնը պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէկ լաւ էջը արձանագրել։ Ամէն մարդ նման բախտի չþարժանանար։ Օգտուեցէք՝ առանց տնտնալու։
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ընկերային կամ ընտանեկան յարաբերութեան մէջ հեղինակութիւն մի՛ բանեցնէք։ Համեստութիւնը ձեզ սիրելի կը դարձնէ։ Օգնեցէք ձեր շուրջիններուն։

