Գէորգ Ղազարեան Կրնայ Տեղափոխուիլ Քայրաթ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Քարականտայի Շախտիորին մաս կազմող յարձակողական ոճի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան շատ հաւանաբար ձմեռը պայմանագիր մը ստորագրէ Քայրաթի (Ղազախստան) հետ:
Ըստ Sports.kz կայքէջին, Ալմա Աթան ներկայացնող ակումբի գլխաւոր մարզիչ Վլատիմիր Վայս կը փափաքի 25 տարեկան ֆութպոլիստը, որուն փոխանցման իրաւունքները կը պատկանին Մեթալուրկ Տոնեցքի, տեսնել իր կազմին մէջ:
Ղազարեան, որ այս ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Շախտիոր, կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ դարձաւ խումբին հիմնական մարզիկներէն մէկը:
Նշենք, որ Քայրաթի մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան:
CATEGORIES Մարզական

