Ա՜խ Էն Երկրի Հողին Մատաղ…
ՎԱՐԱՆԴԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Իններորդ տարին ըլլալով` Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը կը կազմակերպէ տարեկան գործուղում Արցախի Քաշաթաղ մարզին մէջ: Եօթը զաւարեանական ընկերներով գործուղուեցանք Քաշաթաղի մէջ երեք տարբեր շրջաններ` կիրարկելու համար վեցէն տասնվեց տարեկան պատանիներու համար պատրաստուած դաստիարակչական ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ` առաջին անգամ ըլլալով գիւղերէն մէկուն մէջ կատարելու շինարարական աշխատանք մը: Բաժնուելէ ետք իրարմէ, երեք ընկերներով հասանք Մոշաթաղի միջնակարգ դպրոց` գիւղապետին ընկերակցութեամբ, ուր մեզ դիմաւորեցին դպրոցի տնօրէնն ու պահակը: Այնուհետեւ դպրոցը մնաց մեր տրամադրութեան տակ:
«Մոշաթաղի միջնակարգ դպրոց». դպրոց մը, ուր գիւղի երեխաները կ՛անցընեն իրենց կեանքին կարեւորագոյն տարիները, ուր մանուկները հասակ կ՛առնեն` ստանալով այնպիսի ուսում եւ դաստիարակութիւն, որ պիտի կերտէ ապագայի ուսեալ եւ զարգացած սերունդը: Ակնյայտ էր այս դպրոցի ուսման մակարդակի բարձրութիւնը, մանաւանդ` հայագիտական բաժնի իմաստով: Այս մէկը զգացինք, երբ առաջին անգամ մտանք դպրոց. դպրոցին քանդուած պատերը ամբողջութեամբ ծածկուած եւ զարդարուած էին աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած պատի թերթերով, որոնք կը ներկայացնեն զանազան հայկական նիւթեր. հայկական տառեր, հայ մշակոյթ, գրագէտներ եւ բանաստեղծներ` իրենց գրութիւններով եւ բանաստեղծութիւններով, հայ նշանաւոր մարզիկներու կենսագրութիւններ, Հայոց ցեղասպանութիւն, Արցախի ազատագրական պայքար եւ ազատամարտիկներու ներկայացում, Արեւմտահայաստան եւ ուրիշ շա՜տ շատ նիւթեր: Այս բոլորը եկած էին վարագոյրի մը պէս ծածկելու դպրոցին ահաւոր եւ քարուքանդ վիճակը: Այս իմաստով, կարելի է ըսել, որ գրեթէ ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցանք պատանիներուն հետ հասկցուելու եւ դաստիարակչական ծրագիրը մեծ յաջողութեամբ լիուլի կատարեցինք: Մոշաթաղի երեխաները բաւական տաղանդաւոր, խելացի, արթուն, հետաքրքիր եւ ընդունակ են: Անոնք բաւական խոստմնալից են ապագայի իմաստով, սակայն միշտ վախը կայ, որ լքեն գիւղը եւ հաստատուին այլուր:
Գեղեցիկ է հայրենիքը` սփիւռքի օտար ափերէն դիտուած: Այո՛, իսկապէս գեղեցիկ է Արցախը, դիւթական է Մոշաթաղի բնութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ գիւղին վիճակը չի համապատասխաներ բնութեան գեղեցկութեան: Այսպէս ըսենք. Գիւղին մէջ կան հազարաւոր անասուններ եւ գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ, կը ցանեն բանջարեղէն եւ պտուղներ: Անոնք բնաւ անօթի չեն, սակայն անոնց կը պակսի ուտելիքէ զատ ամէն տեսակի կենցաղային տարրական միջոցներ: Անոնք հարուստ են, բայց` աղքատ, եւ այս իրողութեան յանցաւորները իրենք չեն, այլ` իշխանաւորները: Մենք կը խօսինք վերաբնակեցման մասին, երբ անոնք իրենց հողերը լքել կը մտածեն. «Ի՜նչ լաւ կը լինէր, եթէ մեզ ձեզ հետ տանէիք…»: Այստեղ կու գայ մեր` գործուղուողներուս իսկական դերը` գիւղացիներուն լաւապէս բացատրել հայկական հողին կարեւորութիւնը, անոր կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը: Յանձնառու ժողովուրդ է ղարաբաղցին, ազգասէր եւ կամքի տէր: Անոր կը պակսին միայն քաղաքականացած ըլլալու գաղափարը եւ նիւթական նուազագոյն միջոցները աւելի եւս զարգանալու եւ զարգացնելու համար իրենց ապրելաձեւը` նպաստելու համար հայրենիքի բարգաւաճման:
Պիտի ուզէի անպայման յիշել ինծի համար բաւական ազդեցիկ, յուզիչ եւ միեւնոյն ատեն յոյս ներշնչող դրուագ մը: Արդէն իսկ գործուղումի երրորդ շաբաթը սկսած էր, երեխաները արդէն բաւական ծանօթ էին մեզի, ինչպէս նաեւ շատ լաւ ձեւով ընկալած էին այդ կարճ ժամանակամիջոցին ուսուցուած հայոց պատմութեան դասերը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը, յեղափոխական դէմքերն ու դէպքերը եւ շարք մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր: Երբ երգի դասապահի ընթացքին մեծերու խումբին հետ նստած` միասնաբար կ՛որոշէինք եզրափակիչ հանդէսին ներկայացուելիք երգերը, երեխաներէն մէկը հարց տուաւ, թէ կարելի՞ էր նոր սորված երգերէն զատ այլ երգեր ներկայացնել հանդէսին: Համաձայնութիւնս լսելէ ետք, բարձր եւ ուժեղ ձայնով, տհոլը ձեռքին` սկսաւ երգել.
«Ա՜խ էն երկրի հողին մատաղ, պիտի գնանք վաղ թէ ուշ…», ընկերները խանդավառութեամբ ընկերացան իրեն:
Անոնք կ՛երգէին բուռն զգացմունքով, աչքերը գոց, ձեռքերու եւ ոտքերու շարժումներով, եւ ես սառած` կը դիտէի, քանի մը բառ կ՛երգէի եւ դարձեալ կը սառէի: Հիասքանչ էր: Յանկարծ երգի վերջին տունին բառերը մոռցան եւ դադրեցան երգելէ, այդ յուզմունքիս մէջէն նոյնիսկ ես չկարողացայ յիշել բառերը: «Ընկե՛ր Վարանդա, էս երգը մենք ձեզ համար ենք ուզում կատարել, քանի որ դուք ապրում էք սփիւռքում, ձեր հայրենիքէն հեռու եւ վստահ մի օր վերադառնալու էք այդ հողերուն չէ՞, մենք ձեզ պ՛տի օգնենք, այդ հողերը հաստատ ե՛տ ենք առնելու չէ՞, դուք կը վերադառնաք ընտեղ եւ մեզ աւելի մօտ կը լինէք, այսպէս շուտ շուտ կը գաք մեր քով, մենք ալ ձեր քով: Մենք ետ կ՛առնենք այդ հողերը չէ՞, հաստա՛տ կ՛առնենք…»:
Մեր սրբազան նպատակներէն մէկն է վերատիրանալ մեր գրաւուած հողերուն, եւ այդ մէկը այս տասներկուամեայ մանչուկն ու իր ընկերները շատ լաւ հասկցած էին, իսկ ես` աւելի լաւ ըմբռնած «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարը, որուն հիմնական իմաստը ո՛չ միայն ներկայ Հայաստան կամ Արցախ վերադառնալ ու այդտեղ հաստատուիլ է, այլեւ` գործուղուիլ այդտեղ, լաւապէս ծանօթանալ Հայաստանին, ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք յարաբերութիւնները ո՛չ միայն մշակութային, ընկերային կամ տնտեսական մակարդակներու վրայ, այլ նաեւ` քաղաքական գետնի վրայ: Այն ատեն է միայն, որ մենք պիտի ունենանք հզօր Հայաստան, հզօր Արցախ եւ, ինչո՞ւ չէ, հզօր սփիւռք, որոնց հիմնական ուխտը պիտի ըլլայ կազմել միացեալ հայրենիք մը, միացեալ Երկիր մը` կազմուած ներկայ Հայաստանէն, Արցախէն, Նախիջեւանէն, Ջաւախքէն եւ Արեւմտահայաստանէն:
Առաջին անգամ ըլլալով էր, որ Արցախ կը գտնուէի: Հպարտութեան եւ միեւնոյն ժամանակ յուզմունքի զգացումներ կը խայտային մէջս, այն իմաստով, որ կը գտնուէի մեր պապերուն ու եղբայրներուն արիւնով ազատագրուած այդ թանկարժէք հողաշերտին վրայ: Իսկապէ՛ս ուրիշ է ապրիլ ու շնչել հայրենիքի հողին վրայ, երգել ու փառաբանել հայրենի հողը, սնանիլ այդ հողին փառքերով եւ արիւն-քրտինք տալ անոր` հայրենի հողին, մե՛ր երկրի հողին…


