Ըստ Ռուսական Մամուլին. Սպարտակ Մոսկուա Կրնայ Ծանր Պատիժներ Ստանալ

Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանին Եարոսլաւ Շիննիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Սպարտակ Մոսկուա կրնայ ստանալ ծանր պատիժներ:

Ասիկա կրնայ կատարուիլ միայն այն ժամանակ, երբ իսկապէս փաստուի, որ անկարգութիւն կատարողները Սպարտակի համակիրներն են:

Թէեւ Սպարտակ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց, սակայն անիկա կրնայ մինչեւ 300 հազար ռուբլի տուգանքի ենթարկուիլ եւ բաժակի այս մրցաշարքին գծով իր յաջորդ մրցումը կատարել դռնփակ, կամ ալ օտար դաշտի վրայ:

Նշենք, որ այս մրցումը, կարճ ժամանակի մը համար ընդհատուած էր` նկատի ունենալով, որ Սպարտակ Մոսկուայի համակիրները պայթուցիկ նիւթեր վառած էին եւ ցեղապաշտական բնոյթի յայտարարութիւններ կատարած:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Եուրա Մովսիսեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով կը բացակայէր այս մրցումէն, մինչ Սպարտակի եւ ազգային խումբին անոր խմբակիցը` Արազ Օզպիլիս դաշտ ներկայացաւ ամբողջ մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )