ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ – ԺՈՄՊԼԱԹ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի եւ ներկայութեամբ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին ընդհանուր արժեւորումը կատարուած է կառավարութեան կազմութեան եւ անոր դիմագրաւած ներկայ տեղական ու շրջանային հարցերուն: Այս ծիրին մէջ սէյիտ Նասրալլա եւ Ժոմպլաթ շեշտեցին կառավարութիւնը կազմող բոլոր ուժերուն միջեւ ամրապնդուած գործակցութեան կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար կառավարութեան յաջողութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ սէյիտ Նասրալլա եւ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատած են լիբանանցիներուն կարիքները եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները առաջնահերթութիւն սեպելը` շեշտելով ազգային պատասխանատուութիւնները լրջութեամբ ստանձնելու պատրաստակամութեան անխուսափելի ըլլալու իրականութիւնը:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին` լիբանանեան եւ իսլամական առումով անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ հսկայ ջանքերուն համար:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պլոքը բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը` կառավարութեան կազմութեան առումով:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ այս կառավարութեան կազմութեամբ Լիբանան մուտք գործած է նոր հանգրուան: