Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Քննադատէ Քերրիի Յայտարարութիւնները

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կը շարունակէ կատարել յայտարարութիւններ, որոնք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարումէն առաջ զայն ձախողութեան մատնելու նպատակը կը հետապնդեն` աւելցնելով, որ այդ յայտարարութիւնները սուրիական հարցերուն բացայայտ միջամտութիւն մըն են, ինչպէս նաեւ իր ապագան ճշդելու սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն մը:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը երէկ յայտարարեց, որ «եթէ սուրիացի գաղթականներու հարցը չլուծուի, մեր շահերը պաշտպանելու գծով անհրաժեշտ միջոցառումները պիտի որդեգրենք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ օր Թոքիոյի մէջ ճափոնցի իր պաշտօնակից Ֆոմիօ Քիշիտայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը գումարելու ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան պարունակութիւնը խեղաթիւրելու փորձեր գոյութիւն ունին:

Քիշիտա իր կարգին յայտնեց, որ Մոսկուա աջակցած է «Ժընեւ-2»-ին Թոքիոյի մասնակցութեան գաղափարին:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի նշեց, որ իրենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում մը գտնելու ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմիի ջանքերուն կը զօրակցին, իսկ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթը արագացնելու:

Նշենք, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ երեկոյեան Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի հարցը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հալէպի ճամբուն վրայ ռազմավարական դիրք ունեցող Սֆէյրա քաղաքը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի (Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութիւն. «Ա.») եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Հասաքէյի արուարձաններուն մէջ գտնուող ութ գիւղերէ վտարած են:

«Մայատին» նաեւ երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Հալէպի Հանանօ, Հայտարիյէ եւ Նաքիրին թաղամասերուն մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Share this Article
CATEGORIES