Ճատրակ Հայաստանը` Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութեան
8-17 նոյեմբերին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի հաւաքականները կը մասնակցին Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան):
Տղոց խումբին մաս կը կազմեն Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան:
Իսկ աղջկանց խումբին մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիա Քուրսովա եւ Աննա Հայրապետեան:
CATEGORIES Մարզական