Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծառայասիրութեան օրինակը տուէք ձեր շուրջիններուն: Օգնութեան ձեռք երկարեցէք կարիքաւորին` թէկուզ ձեր բարոյական աջակցութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ունենաք ծանր հաշուեկշիռ մը, ինչպէս որ կ՛ըսեն քիչ մը աղի նիւթական խնդիր: Լուրջի առէք այս իրողութիւնը, որպէսզի վնասակար երեւոյթի տեղի չտայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խմբական գործունէութիւնը համահունչ է ձեր խառնուածքին: Պիտի կարենաք արտայայտել ձեր գիտութիւնը եւ օգտակար ըլլալ շատերուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը հասած է ձեր երազած նպատակը իրագործելու: Գործի անցէք, որպէսզի կարենաք կատարել ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բոլոր առիթներն ալ լաւ են եւ օգտակար` մարզանք կատարելու համար: Ուրեմն միշտ պատրաստ եղէք ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը պահելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք այնպիսի հարցերու, որոնց մասին չ՛արժեր մտածել: Մնացէք ձեր խղճի հանդարտութեան մէջ: Օրը ապրեցէք ըստ ձեր ճաշակին եւ խառնուածքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինքնաշարժ քշելու պարագային ուշադիր եղէք, որպէսզի տուգանքի չենթարկուիք: Օրը ունի իրագործելու շատ աշխատանք: Մի ծուլանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք ձեզի նուէր մը ընծայեցէք կամ նուէր մը առէք անձի մը, զոր շատ կը սիրէք: Այսպիսով ձեր օրը հաճելի կ՛անցնի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խնամեցէք ձեր արտաքին տեսքը, ինչ որ դժուար չէ: Ներկայանալի ըլլալը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: Օրը օգտագործեցէք լաւ ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբեմն ամբողջ կեանք մը հարկաւոր է նպատակի մը հասնելու համար: Այս իրողութիւնը բնաւ ժխտական չէ, այլ ընդհակառակն` դրական երեւոյթ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ կարօտը ունիք ձեր հարազատները տեսնելու, մի տրտմիք: Գոհացէք յիշատակները մտաբերելով: Օրը անցուցէք իրապաշտ տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրուատիք կամ գնահատանք մի՛ փնտռէք, բայց գիտցէք, որ այդ կը նշանակէ գիտակցիլ նման արտայայտութիւններու, զորս ձեր կարգին կրնաք ընել:

