«Ժ. Պուտագեան» Կեդրոնը Կը Շարունակէ «Ազդակ»-ի Թուայնացման Աշխատանքները
«Ազդակ»-ի արխիւի թուայնացման աշխատանքները կը շարունակուին «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ: Առաջին հանգրուանի աշխատանքը, որ նկարահանման աշխատանքն է, արդէն հասած է 1970: Վերջին երեսնամեակի թիւերու նկարահանումէն ետք աշխատանքը կ՛անցնի երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններու, ուր համակարգչային համապատասխան ծրագիրներով նախ նկարահանուած էջերը կ՛օժտուին որոշ ծանօթագրութիւններով եւ ապա իբրեւ վերջնական հանգրուան նիւթերը կը դառնան որոնողական:
Մեր արխիւին մէջ «Ազդակ»-ի պակսող թիւերու համար դիմում կատարած ենք հայ մամուլի հաւաքածոներ պահպանող տարբեր մատենադարաններու պատասխանատուներու` անոնց մօտ քննելու համար թուայնացուած տարբերակներ ստանալու կարելիութիւնները: Մինչ այդ կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որոնք «Ազդակ»-ի հաւաքածոյ ունին իրենց մօտ, որպէսզի կապ հաստատեն «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի բաժանմունքին հետ` բնագիրը կամ բնագիրի ելեկտրոնային տարբերակը տրամադրելու համար:
«Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի հետ կապուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մեր ընթերցողները տեղեակ կը պահուին յաջորդիւ:

