ՀԱՅ ՍԵՒ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (A.B.B.A.) ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Հայ սեւ գօտիներու միութեան (A.B.B.A.) մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցումներուն: Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 27 փետրուար 2011-ին, Պսալիմ «Քաունթրի լոճ»ի մէջ:
Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները արձանագրեցին հետեւեալ պատուաբեր արդիւնքները.
Մելքոն Պուտաքեան – երկու ոսկի մետալ
Արթիւր Պապոյեան – երկու ոսկի մետալ
Դալար Պետիկեան – երկու ոսկի մետալ
Փաուլօ Պետիկեան – մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներ
Սերժիօ Ճապանեան – մէկ պրոնզ մետալ
Արձանագրուած արդիւնքները յարատեւ մարզումներու եւ հետեւողական աշխատանքի պտուղներն էին, որոնց մէջ մեծ ու անմիջական դերակատարութիւն ունեցան ու տակաւին կ՛ունենան միութեան մարզիչները:
CATEGORIES Մարզական