Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՊԻՍ ԵՒ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՀՐԱՅՐ ԵՒ ՄԻՐՆԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՆԱԱՄԷ ԵՒ ԹԵՐԵԶ ԹՈՀՄԷՆԵՐՈՒՆ
ՏԻԱՐ ԺԱՔ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻՆ
ՏԻԿԻՆ ՆԻՆԱ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆԻՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՎԱՐՈՒԺ ԵՒ ՄԻՐՎԱ ՆԱՐԿԻԶԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԻԿԻՆ ՌՈԶՎԱՐԴ ՍԻՍԵՌԵԱՆԻՆ
ԱԼԻՍ ՍԻՍԵՌԵԱՆԻ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒՆ
ՏԻԿԻՆ ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԵԶԻԿԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅՈՎԻԿ ԵՒ ՄԱՐԱԼ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ԱՒԵՏԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՊԻՍ ԵՒ ԱՆԻ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆՆԵՐՈՒՆ
ՏԻԱՐ ԷՏՈՒԱՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆԻՆ

որոնք իրենց նուիրատուութեամբ սատարեցին ցուցասրահի ընդարձակման, ինչպէս նաեւ հրատարակչատան խմբագրական, գեղարուեստական ձեւաւորումի եւ վարչական գրասենեակներու նորոգութեան։

Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ «VRESSO», «Կարապետ Այանեան եւ որդիք» եւ «Պայթարեան եղբարք» հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սարգիս Պուտաքեանին եւ Տիգրան Գալայճեանին, որոնք օժանդակեցին ծրագիրի իրականացման։

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ճարտարապետ Մկրտիչ Եափուճեանին, որ սիրայօժար կերպով ստանձնեց շինարարական աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը եւ հսկողութիւնը։

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնները՝ դարձեալ Սէթեան ընտանիքին, որ մնայուն կերպով կը սատարէ Համազգայինի հրատարակչատան գործունէութեան։

Եւ վերջապէս, վարձքը կատար բոլոր մեկենասներուն, հրատարակչատան խնամակալութեան եւ ցուցասրահի վարչութեան, որոնք ամէն առիթի սատար կը հանդիսանան մեր առաքելութեան եւ գործունէութեան։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ
ԵՒ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES