Շանթ Յարութիւնեան Կալանաւորուեցաւ
Երէկ մեղադրանք առաջադրուեցաւ Շանթ Յարութիւնեանի նկատմամբ՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 316-րդ յօդուածի 2-րդ մասին յատկանիշով՝ իշխանութեան ներկայացուցիչի, տուեալ պարագային ոստիկանի նկատմամբ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու համար։
Այս արարքը կը պատժուի 5-10 տարուան բանտարկութեամբ։ Շանթ Յարութիւնեան արդէն կալանաւորուած է։
Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութիւնը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց, որ Մաշտոցի պողոտային մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք ձերբակալուած 20 անձերէն 14-ին նկատմամբ արդէն մեղադրանք ներկայացուած է, բոլորին ալ 316-րդ յօդուածի յատկանիշներով։ 14-ի պարագային ալ խափանման միջոց ընտրուած է երկամսեայ կալանքը, իսկ միւս վեցը ազատ արձակուած են։
CATEGORIES Հայկական

