Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Պուլկարիա՝ 2-2. Հայաստանի Աղջիկները՝ Յաղթական
Երէկ՝ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Վարշաւայի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնը։
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականին մրցակիցն էր Պուլկարիա, իսկ աղջկանց հաւաքականինը՝ Խրուաթիա։
Տղոց կազմին մէջ էին Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգիսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան։
Իսկ աղջկանց խումբը կը բաղկանար հետեւեալներէն. Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան եւ Մարիա Քուրսովա։
Հայաստան – Պուլկարիա մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ եւ ոչ ոք յաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստան – Խրուաթիա աղջկանց մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Հայաստանի յաղթանակով՝ 3,5-0,5 արդիւնքով։
CATEGORIES Մարզական