Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ինքնաշարժին մեքենական վիճակը ստուգեցէք եւ ապա ճամբայ ելէք։ Ոչինչ ձգեցէք  պատահականութեան, անփոյթ ըլլալը կը վնասէ։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարեկամներուն միտքերը կրնան օգնել ձեր այս օրուան հարցին լուծման։ Առանց ստորակայութեան բարդոյթի՝ հետեւեցէք անոնց խօսքին։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)՚
Ունիք ժամանակը՝ որոշելու ձեր ընելիքը, որուն մասին կը մտածէիք, բայց որոշում չէիք տուած։ Այսօր վերջ դրէք այդ հարցին, ըսէք՝ ԱՅՈ։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդկային տրամադրութեամբ ճամբայ պիտի ելլէք ընկերանալու համար անձի մը, որ կը կարօտի անձի ընկերակիցի մը։ Ձեր բարիքը միշտ պիտի յիշուի։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինքնավստահ էք ձեր պիւտճէն հաւասարակշռելու։ Ուրեմն ոչ մէկ մտահոգութիւն՝ այդ կապակցութեամբ։ Ձեր լաւատեսութիւնը ուժ կու տայ։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առօրեայ գործունէութեան բարելաւման համար մի՛ վարանիք ընդունելու այլ անձի մը օժանդակութիւնը։ Համեստ մնացէք։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզ մտահոգող հարցերը մի՛ արծարծէք անծանօթ անձերու ներկայութեան։ Անոնք ոչինչով կ՛օգնեն ձեզի։ Իմաստուն ըլլալը կարեւոր է։

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը ուրիշին վրայ մի՛ ձգէք։ Եթէ ամուրի էք, կեանքը լուրջի առէք։ Ժամանակը օգտագործեցէք աշխատանքով։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծանրաբեռնուած էք ոչ միայն ձեր անձնական հարցերով, այլեւ ուրիշներու։ Թեթեւցուցէք այս բեռը, որովհետեւ պիտի յոգնիք, ապա՝ զղջաք։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առանձնանալու միտում մը ունիք, բայց չէք կրնար։ Ձեր շրջապատը միշտ կը հետեւի ձեր քայլերուն, հետեւաբար ընդառաջ գացէք անոնց։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հազար չափէ, մէկ կտրէ։ Խոհեմութիւն կը պարտադրուի այսօր ձեզի՝ դրամական թէ ընեկերային կապի տեսակէտէն։ Շատախօսներու դիմաց լուռ մնացէք։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեբախտութիւն պիտի ունենաք այսօր իրագործելու այնպիսի ծրագիր մը, զոր անկարելի կը նկատէիք։ Յուսալքումը մեղք կը նկատուի։

Share this Article
CATEGORIES