ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ Է ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ Է» ՆԻՒԹՈՎ ՁԵՌՆԱՐԿ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անթիլիասի մայրերու վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական է պատուական է» նիւթով ձեռնարկ մը: Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին հայկական ձեռագործներ, ձեռային աշխատանքներ, հայկական տարազներ, պաստառներ եւ հին հայկական իրեր, որոնք կը յիշեցնէին մեր արմատները:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անթիլիասի մայրերու վարչութեան ատենապետ Մայտա Քելեշեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ կիներու ուսերուն վրայ մեծ է հայութիւնը պահելու պարտականութիւնը: Ան յայտնեց, որ այս տարի Կիներու միջազգային օրուան 100-ամեակն է եւ պէտք է արժանավայել ձեւով նշենք զայն:
Ան հրաւիրեց ներկաները դարձեալ համախմբուելու յառաջիկայ տարուան 8 մարտին, որպէսզի քննեն, թէ ի՞նչ աշխատանք տարած են ընթացիկ տարուան ընթացքին: «Մենք կը զօրանանք իրարմով… շատ կարեւոր է պահել մեր պատկանելիութիւնը», հաստատեց Մ. Քելեշեան եւ «փաուըր փոյնթ»ով ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնն ու տեղեկութիւններ ներկայացուց իրենց աշխատանքին մասին:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր խօսքը հիմնաւորեց կարգ մը կէտերու վրայ.
ա) «Հայկական է պատուական է». ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ վարչութեան, որ որդեգրած էր այս նշանաբանը: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը պէտք է հրաւիրել այս կէտին վրայ եւ հայկական տուներուն մէջ պէտք է հայկականութիւնը շեշտուի:
բ) Անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 տարին իբրեւ «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն` ան կոչ ուղղեց այս տարի բոլոր մանուկները հայկական անուններով կոչելու` շեշտելով, որ հայութիւնը մեր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնն է եւ ոչ մէկը իրաւունք ունի զայն մեզմէ խլելու:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց դասաւորումը սեղաններուն, որոնց իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր մեր պատկանելիութիւնը, ինչպէս` Ուրֆա, Զէյթուն, Մարաշ եւ այլն:
գ) Կիներու միջազգային օրուան կապակցութեամբ սրբազանը շեշտեց, որ իբրեւ հայ կիներ պէտք է մտածել այս տօնին հայկական տարբերակին մասին եւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպել Հայ կիներու օր: Ան հարց տուաւ, թէ հայ կնոջ իրաւունքը ի՞նչ է` աւելցնելով, որ նշեալ օրը արդար իրաւունքներու ձեռք բերման օր պէտք է ըլլայ:
դ) Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու հայ տունին վրայ եւ հոն ստեղծելու հայկական մթնոլորտ, փոխանցելու հայկական մտայնութիւն, աւանդութիւն, եւ այլն: «Հայկական ամուսնութիւնը ազգային ծրագիր է եւ մենք իրաւունք չունինք մեր ազգի ճակատագիրին հետ խաղալու սերունդներու ճամբով», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան:
ե) Անդրադառնալով Մեծ պահքին` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս ժամանակաշրջանը լեցուն է հոգեւոր-բարոյական արժէքներու դասերով եւ այս ժամանակաշրջանը կը խորհրդանշէ նիւթէն հեռացումը եւ հոգիին երթալը: Ան կոչ ուղղեց հայկական տուներուն մէջ վերադարձնել հայկականութիւնը իր ամբողջ պարզութեամբ եւ մանրամասնութեամբ:
զ) Խօսելով հայ ընտանիքին մասին` առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ ազգային դաստիարակութիւն կա՞յ մեր նոր ընտանիքին մէջ: Ան կոչ ուղղեց մեր տուները կահաւորելու հայկականութեամբ, ինչպէս` խաչով, Հայաստանի նկարներով, սուրբերու նկարներով, հայկական երգերով` աւելցնելով, որ առանց անոնց տունը պակասաւոր կ՛ըլլայ իբրեւ հայ տուն: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ազգային դաստիարակութիւն ջամբենք մեր զաւակներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը բացատրութիւն տուաւ ներկաներուն իրենց սեղաններուն վրայ գտնուող խաչի նկարին մասին, որ պատրաստուած է քրիստոնէական բաժանմունքի կողմէ` յայտնելով, որ հոն բացատրուած է անոր իմաստը:
Աւարտին Մայտա Քելեշեան յուշանուէր մը յանձնեց սրբազան հօր:
Ձեռնարկի ընթացքին նշանուած օրիորդներուն հայկական աւանդութիւնը ներկայացնող նուէրներ բաժնուեցան, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին ապագային հայկական տուն մը կազմեն:
Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ) եւ Գէորգ Մանուկեան (տուտուկ), որոնք նուագեցին «Կալի երգ»ը, «Կոմիտաս»ը, «Հոռովել»ը, իսկ Յովիկ Թաֆրանեան ներկայացուց «Հայոց կանայք» եւ «Հայի աչեր» երգերը: