ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ – ՇԱԼՔԷ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, յառաջիկայ օգոստոսին իրարու դէմ յանդիման պիտի գային Ռէալ Մատրիտ եւ Շալքէ առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»ի վրայ:
Գերմանական կազմը, սակայն, երէկ ներում հայցեց Ռէալ Մատրիտէն` ըսելով, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ այս մրցումին, որովհետեւ թէեւ ընդունած է այդ առաջարկը, սակայն անոր կայացման թուականին գծով չէ կրցած համաձայնութիւն գոյացնել անոր հետ` նկատի ունենալով, որ ծրագիրներ մշակած է փորձեր եւ բանակումներ կատարելու իմաստով:
Այս մրցումին ջնջումը պատճառ դարձաւ, որ սպանացի յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես չկարենայ վերադառնալ իր նախկին ակումբին դաշտը, որուն մաս կազմած է 16 տարեշրջան:
Գերմանական կազմին հրապարակած հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարի ամէն գնով կ՛ուզեն այս մրցումին կայացումը: