ԿՈՄԵՇ ԿԸ ՄՏԱԴՐԷ ԼՔԵԼ ՊԵՆՖԻՔԱՆ

Նունօ Կոմեշ

Փորթուգալցի միջազգային նախկին յառաջապահ Նունօ Կոմեշ կը մտադրէ լքել իր ակումբը` Պենֆիքան, 12 տարի անոր մաս կազմելէ ետք:

Իր կատարած յայտարարութեան մէջ 34 տարեկան Կոմեշ ըսաւ, որ այս քայլին պիտի դիմէ, որովհետեւ իմացած է, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը մտադիր չէ երկարաձգել:

Ան իր ակումբին հետ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած է շուրջ 300 մրցումի եւ նշանակած աւելի քան 100 կոլ: 1997-ին Պենֆիքայի միացած Կոմեշ անոր հետ երկու անգամ տիրացած է Փորթուգալի ախոյեանութեան:

Ինչ կը վերաբերի Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ անոր կատարած մրցումներուն, ան 77 մրցումի ընթացքին նշանակած է 29 միջազգային կոլ:

Ըստ փորթուգալեան մամուլին, ան շատ հաւանաբար միանայ Պրակայի, որ նախորդ տարեշրջանին «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին հանդիսացաւ փոխախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES