Նոր Անհամաձայնութիւն՝ Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ շարք մը պատճառներով քաղաքական յարաբերութիւններու վատթարացման զուգահեռ վերջերս յայտնի դարձած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ նոր անհամաձայնութիւն մը ծագած է, այս անգամ քաղաքացիական թռիչքներու ոլորտին մէջ։
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրած է, թէ Իսրայէլի պետական օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Էլ Ալ»-ի նախագահ Էլիզեր Շքետ գանգատ ներկայացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին եւ անոր յայտնած, որ Անգարա կը խոչընդոտէ իսրայէլեան օդանաւերու դէպի Թուրքիա թռիչքները, եւ խնդրած է միջամտել այդ հարցին։
Շքետ իր նամակին մէջ նշած է, որ Իսրայէլի երեք օդանաւային ընկերութիւններու դէպի Թուրքիա թռիչքներու խոչընդոտման պատճառով 2010-էն ետք թրքական օդանաւային ընկերութեան դէպի Իսրայէլ թռիչքներու թիւը շաբաթական 42-էն հասած է 112-ի։
«Էլ Ալ»-ի ղեկավարը անարդար նկատած է իրավիճակը եւ Իսրայէլի վարչապետէն պահանջած է խոչընդոտել նաեւ թրքական ընկերութիւններու դէպի Իսրայէլ թռիչքները։
Թրքական կողմը յայտնած է, որ իսրայէլեան օդանաւերու թռիչքներուն առջեւ խոչընդոտը քաղաքական բնոյթ չունի։ Իսրայէլեան կողմը կը պահանջէ, որ օդանաւերուն մէջ ըլլայ զինեալ իրաւապահ մը, որուն դէմ է թրքական կողմը։ Վերջինս կը պնդէ, որ Թուրքիա ինք կրնայ ապահովել օդանաւի անվտանգութիւնը իր տարածքին մէջ։